image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանէն Իսրայէլեան զօրքերու դnւրսբերումը նոր էջ պիտի բանայ խաղաղութեան ճանապարհին. Անթոնիօ Կութերեշ

Լիբանանէն Իսրայէլեան զօրքերու դnւրսբերումը  նոր էջ պիտի բանայ խաղաղութեան ճանապարհին. Անթոնիօ Կութերեշ

Իսրայէլեան զօրքերու դուրս ելլելը եւ լիբանանեան բանակի տեղակայումը համատեղ սահմանին նոր էջ պիտի բանան խաղաղութեան ճանապարհին։ 

Այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ, որ Պէյրութի մէջ բանակցութիւններ վարած է Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ։

«Մենք կ'ընենք հնարաւոր ամէն ինչ՝ ապահովելու իսրայէլեան զօրքերու անվտանգ դուրս ելլելը հարաւային Լիբանանէն մինչեւ 27 յունուարը՝ հրադադարի համաձայնագիրով նախատեսուած վերջնաժամկէտը»,-ըսած է Կութերեշ՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով հաւաքել միջազգային հանրութիւնը Լիբանանին ամէն տեսակի աջակցութիւն ցուցաբերելու ուղղութեամբ։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը շնորհաւորած է նախագահ Աունը հանրապետութեան ղեկավար ընտրուելու կապակցութեամբ եւ համերաշխութիւն յայտնած է Լիբանանի ծանր տուժած ժողովուրդին։ Անոր խօսքով՝ Լիբանանի հանրապետութեան ապագայ իշխանութիւնը բացառիկ հնարաւորութիւն ունի ամրապնդելու պետական ​​հիմնարկները եւ աշխատելու երկրի վերածնունդի ուղղութեամբ։

«Գիտեմ, որ լիբանանցիներն ունին մեծ տոկունութիւն եւ մեծ քաջութիւն, եւ ես կը հաւատամ, որ անոնք կը կարողանան կրկին Լիբանանը դարձնել Մերձաւոր Արեւելքի կենսական կեդրոն»,-ընդգծած է Կութերեշ։