Լիբանանեան դրօշը ծածանած է Ափրիկէի ամենաբարձր գագաթին: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «lebanonfiles» լրատուական կայքը:
Աղբիւրը կը նշէ, որ լիբանանցի Իսամ Ֆարեսի թոռնուհիները՝ Սառա եւ Ումայմա Նաճատ Իսամ Ֆարեսները, 6 օր տեւած ծանր ճանապարհորդութենէ ետք, բարձրանալով Ափրիկէի Քիլիմանճարօ լեռը, յաջողած են հասնիլ լեռան գագաթին եւ բարձրացնել Լիբանանի դրօշը:
Նշենք, որ Թանզանիոյ մէջ գտնուող Քիլիմանճարօ լեռը Ափրիկէի ամէնէն բարձր գագաթն է, որուն բարձրութիւնը կը հասնի 5895 մեթրի: