Լիբանանեան բանակի ուղղաթիռ մը ջախջախուած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ալ Նահար»ի կայքէն։
Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ փորձնական եւ հերթական թռիչք մը կատարող ուղղաթիռը ինկած է Համմանա շրջանին վերեւ, որուն հետեւանքով ալ զոհուած են երկու երիտասարդ օդանաւորդ- գնդապետ սպաներ։
Սպաները քրիստոնեայ համայնքէն են եւ անոնք կը կոչուին՝ Ժոզէֆ Հաննա եւ Ռիշար Սաապ։
Դէպքէն անմիջապէս ետք, երկրի վարչապետի պաշտօնակատար Նաժիպ Միքաթի հեռախօսած է բանակի ընդհ. հրամանատար զօր. Ժոզէֆ Աունին ու ցաւակցութիւն յայտնած եղածին վերաբերեալ։
Մինչեւ այս պահը արկածին պատճառները կը շարունակեն մնալ անյայտ։
Զոհուած գնդ. Ժոզէֆ Հաննա