Պահրէյնը ականատես կը դառնայ Եմէնի դէմ Սէուտական Արաբիոյ յարձակումը դատապարտող ժողովրդական ցոյցերու եւ ի պաշտպանութիւն Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քորտահիի՝ անոր դէմ սէուտական արշաւէն յետոյ:
Երէկ՝ Ուրբաթ օրը, Պահրէյնի տեղի ունեցան ժողովրդական ցոյցեր՝ պահանջելով դադրեցնել սէուտական կողմէ Եմէնի դեմ մղուող պատերազմը եւ մերժել Սէուտական Արաբիոյ արշաւը Լիբանանի դէմ՝ տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քորտահիի յայտարարութիւններու լոյսին տակ:
Պահրէյնի հիւսիսային նահանգին մէջ գտնուող Ալ Քատամ քաղաքի փողոցներով շրջող ցոյցին մասնակիցները պաստառներ բարձրացուցած են, որոնք կը հաստատեն Եմէնի դէմ Սէուտական Արաբիոյ պատերազմին անհեթեթութիւնը եւ Պահրէյնի ժողովուրդին համերաշխութիւնը Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քորտահիին հետ, որ Եմէնի դէմ պատերազմը մերժող իր յայտարարութիւններուն հետեւանքով ենթարկուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ արշաւի, եւ զայն «անհեթեթութիւն» որակեցին։
Ցուցարարներն իրենց համերաշխութիւնը յայտնած են Դիմադրութեան եւ ընդգծած, որ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ Լիբանանը պոյքոթի ենթարկելը դաւաճանութիւն կը համարուին։
Ցուցարարները վանկարկած են Եմէնի դէմ պատերազմին շարունակութիւնը դատապարտող կարգախօսներ՝ ընդգծելով Պահրէյնի ժողովուրդին աջակցութիւնը Եմէնի ժողովուրդին։