image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայութեան բարեսիրական կառոյցներու հարուստ կենսափորձը

Լիբանանահայութեան բարեսիրական կառոյցներու հարուստ կենսափորձը

Լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման օրերէն լիբանանահայ համայնքին մէջ բարեգործական առաքելութիւնը միշտ ալ եղած է առկայ: Գաղութի կարիքները հոգալու եւ ժողովուրդի առօրեայ հարցերուն ու տագնապներուն միշտ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու մտածողութիւնը եղած է տիրապետող, եւ այս մէկը իւրայատուկ նկարագիր տուած է մեր համայնքին:

Շատ բան պիտի պակսէր լիբանանահայ գաղութի ընդհանուր գործընթացէն, եթէ երբեք այդ կառոյցները մեր հաւաքական կեանքէն ներս չկատարէին իրենց վստահուած առաքելութիւնը: Բոլոր փուլերու ընթացքին պետութեան ծառայողական կառոյցներու  թերի աշխատանքը, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած իրերայաջորդ տագնապներն ու դժուարութիւնները, ընկերատնտեսական անմխիթար կացութիւնը միշտ ալ ստեղծած են մարտահրաւէրներ:        Փաստօրէն կարիքաւորն ու զանազան դժուարութիւններ դիմագրաւող անհատը որեւէ պարագայի առաջին հերթին դիմած է այս կառոյցներուն` ակնկալելով անմիջական եւ բարւոք լուծում: Քաղաքացիական իրաւունքներու յարգումը Լիբանանի մէջ միշտ ալ մնացած է կիսատ, եւ սակայն մեր բարեսիրական կառոյցները քաղաքացիական բարձրագոյն գիտակցութեան դրսեւորումով գտնուած են պատնէշի վրայ ու դարձած տիրական ներկայութիւն` մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ:

Արժէ այս առիթով հպանցիկ ակնարկով մը անդրադառնալ գաղութի յարանուանական եւ միութենական բոլոր բարեսիրական կառոյցներուն, ներկայացնել անոնց ընդհանուր աշխատանքային ծիրը, որպէսզի այդ ընդհանուր պատկերի շուրջ լուսարձակները բանալով լիբանանահայ անհատը հանգամանօրէն արժեւորէ գաղութի այս մարզի մէջ ձեռք բերած հաւաքական նուաճումը:

 

Ա.- ԼՕԽ–ի Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ընդհանուր կառոյցը եւ անոր հովանաւորութեան տակ գործող «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, որ ճանչցուած է նաեւ Լիբանանի պետութեան կողմէ նախնական առողջապահական խնամք մատուցող լաւագոյն կեդրոններէն մէկը:Իր հիմնադրութենէն (1930) ի վեր շեշտակի կերպով կը ծաւալէ իր գործունէութիւնը, իսկ 1987-ին կեդրոնի հիմնադրութեամբ անոր առողջապահական, բժշկական եւ ընկերային մարզերու գործունէութիւնը դրուած է մասնագիտական հիմքերու վրայ:

Կեդրոնի գործունէութեան մաս կը կազմեն նախազգուշական եւ հանրային առողջապահութեան, ընկերային ծառայութեան, շտապ օգնութեան, շողանկարումի, դեղերու, մարձումի, հիւանդատար կառքի, բժշկական, տարրալուծարանային եւ ատամնաբուժական  բաժանմունքները: Կեդրոնի աշխատանքներուն մաս կը կազմէ նաեւ «Հորիզոն» թմրամոլութեան դէմ պայքարի բաժանմունքը:

Կեդրոնի հովանաւորութեան տակ կը գործեն նաեւ Այնճարի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնը եւ Էշրէֆիէի  «Միհրան Տէր Մելքոնեան» դարմանատունը:

Բացի այս ծառայութիւններէն` ԼՕԽ-ի բարեսիրական գործին մաս կը կազմեն նաեւ տարեցներու հոգատարութիւնը եւ կարիքաւորներու սննդեղէն եւ այլ անհրաժեշտ կենցաղային կարիքներու հոգացումը: ԼՕԽ-ը հետեւողական կերպով Լիբանանի տարբեր շրջաններու կարիքաւոր ընտանիքներուն շաբաթական երկու անգամ տաք ճաշ կը տրամադրէ: Աւելի՛ն. ԼՕԽ-ը կրթանպաստ կը տրամադրէ լիբանանահայ վարժարաններու մեծ թիւով կարիքաւոր հայ աշակերտներու: ԼՕԽ-ի հովանաւորութեան տակ գործող «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանը կ՛իրականացնէ աշակերտներու սերտողութեան եւ դասերու պատրաստութեան ծրագիրներ:

ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ հետեւողական դրութեամբ կ՛իրականացնեն օժանդակութեան տարբեր ձեւի աշխատանքներ:

 

Բ.- Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն` ՀԲԸՄ

Հիմնուած 1906-ին, դարձեալ լիբանանահայ համայնքի կազմաւորման գործընթացին մէջ ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ նշանակալից ներդրում: Միութիւնը կրթանպաստ կը տրամադրէ կարիքաւոր հայ աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ հաստատած է համալսարանական ֆոնտ, որմէ կ՛օգտուին մեծ թիւով հայ ուսանողներ:

Միութեան տարբեր բաժանմունքները կը ծաւալեն սննդեղէնի, ճաշի, առողջապահական եւ հոգեբանական խնամքի մեծ թիւով ծառայութիւններ: Միութիւնը կը կազմակերպէ նաեւ ընկերային օժանդակութեան ծրագիրներ` երիտասարդութեան եւ պատանիներուն համար: Միութեան գործունէութիւնը կ՛իրականցուի Ամանոսի «Էհրամճեան» կեդրոնի, Խալիլ Պատաուիի դարմանատան, Տըպայէի «Տեմիրճեան» կեդրոնի, Հըրշ Թապեթի «Նազարեան-Մովսէսեան», ինչպէս նաեւ Զահլէի «Ալեք Մանուկեան» կեդրոններու ճամբով:

 

Գ.- Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւն (ՀԿԲՄ)

50 տարիներէ ի վեր կ՛իրագործէ կրթական եւ բարեսիրական ծրագիրներ: Կրթական մարզէն ներս կը հովանաւորէ «Սահակեան Լ. Մ.» քոլեճը, ինչպէս նաեւ կրթանպաստներ կը տրամադրէ կարիքաւոր հայ աշակերտներու: Միութեան հովանաւորութեան տակ կը գործեն Նոր Հաճնոյ եւ Սին էլ ֆիլի դարմանատուները, որոնց միջոցով բժշկական ծառայութիւններ կը մատուցուին կարիքաւոր հայ ընտանիքներու:

ՀԿԲՄ կը կազմակերպէ ճաշի եւ սննդեղէնի բաշխումներ եւ տարեցներու հոգատարութիւն:

 

Դ.- Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունք

Ազգային առաջնորդարանի ծառայողական օղակներուն մաս կը կազմէ ընկերային ծառայութեան գրասենեակը, որ երկարամեայ տարիներու ընթացքին փորձած է հասնիլ հայորդիներու տարբեր կարիքներուն: Այսօր գրասենեակը վերածուած է բաժանմունքի: Բաժանմունքի ծառայութիւններուն մաս կը կազմեն ամսական դրութեամբ ընկերային եւ նիւթական օժանդակութիւններ տարեցներուն, բժշկական տարբեր քննութիւններու գծով նիւթական նպաստ եւ դեղորայքի տրամադրութիւն, ինչպէս նաեւ` հիւանդանոցային բժշկական գործողութիւններու եւ կարճաժամկէտ թէ երկարաժամկէտ բուժումներու ծախսերու մասնակցութիւն: Առանձին մնացած տարեցներու հոգատարութեան վայրի ապահովութիւնը եւ անոնց ընկերային ու առողջական պայմաններուն հետեւիլը մաս կը կազմեն բաժանմունքի աշխատանքներուն: Բաժանմունքը հոգեկան բարդոյթ ունեցող պարագաները յատուկ կեդրոններու մէջ կը տեղաւորէ,ինչպէս նաեւ վարչական թղթածրարներու պատրաստութեան եւ դեղորայքի ապահովումը կը կատարէ: Կ՛իրականացնէ նաեւ հարազատներու հետ յարաբերութիւնները: Բաժանմունքը գործադրութեան կը դնէ նաեւ մտային եւ հոգեկան առողջութեան անվճար ծրագիրներ:

Բաժանմունքին պատասխանատուները կ՛այցելեն կարիքաւոր ընտանիքներու` հոգալու համար անոնց կարիքները: Ընկերային բաժանմունքը եւ ընդհանրապէս առաջնորդարանը կը նախաձեռնեն ուտեստեղէնի սնտուկներու մեծ քանակութեամբ բաշխումներ: Ամսական դրութեամբ բաժանմունքը կ՛իրականացնէ տարեցներու ընկերային հաւաքներ եւ ճաշկերոյթներ:

Առաջնորդարանի գործունէութեան ծիրին մէջ պէտք է տեղադրել նաեւ սան որդեգրելու ծրագիրը, որ կը հոգայ ազգային վարժարաններու կարիքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակ եւ այլ պէտքեր: Այս բոլորի կողքին անշուշտ եկեղեցիներու թաղական խորհուրդները եւ տիկնաց յանձնախումբերը մօտէն կը հետեւին իրենց ծուխին մաս կազմող ընտանքիներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ օժանդակութիւն կը տրամադրեն անոնց:

 

Ե.- Հայ Աւետարանական Համայնքի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակ

Կը գործէ 1936 թուականէն, սակայն անոր գործունէութեան ծիրը կ՛ընդարձակուի 1960-ական թուականներուն` հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան: Գրասենեակի գործունէութեան մաս կը կազմեն փոքրերու կրթական ու ընկերային պէտքերու հոգածութիւնը` մասնագիտական ծրագիրներով, ծերունիներու օժանդակութիւն, բժշկական ծառայութիւններ, կարօտեալ անձերու եւ ընտանիքներու բնակարանային ծախսերու մասնակցութիւն: Հայ աւետարանական համայնքի բարեսիրական աշխատանքի ոլորտին մէջ պէտք է տեղադրել Այնճարի մէջ գործող գիշերօթիկ վարժարանը, որ հաստատուած է 1947 թուականին եւ կը պատսպարէ 4-18 տարեկան պատանիներ, որոնցմէ ոմանք ունին ընտանեկան լուրջ պարագաներ:

Անուրանալի է Հայկազեան համալսարանի դերակատարութիւնը համայնքի կեանքին մէջ: Հաստատութիւնը մեծ թիւով ուսանողներու կը տրամադրէ կրթանպաստներ եւ օժանդակութիւններ:

 

Զ.- Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Բարեսիրական Կառոյց

Հայ կաթողիկէ համայնքի բարեսիրական աշխատանքը կ՛իրականացուի հիմնական հինգ  կեդրոններու ճամբով.

1.- Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ բարեսիրական միութիւնը, հիմնուած` 1953-ին, կը նպատակադրէ օժանդակութիւն տրամադրել կարիքաւոր հայ ընտանիքներու:

2.- «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» ընկերաբժշկական կեդրոնը հիմնուած 1946-ին, կը տրամադրէ բժշկական ծառայութիւններ, ինչպէս նաեւ տաք ճաշ կը հայթայթէ հայ ծերունիներուն:

3.- HUMANITAS, հիմնուած` 2012-ին, կը նպատակադրէ դաստիարակութիւն փոխանցել ընկերանալու դժուարութիւն ունեցող փոքրերուն:

4.- Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տիկնանց միութիւնը, հիմնուած` 1984-ին, կ՛օժանդակէ կարօտեալ հիւանդներուն եւ աշակերտներուն:

Այս կեդրոններէն անկախ` համայնքը նաեւ իր եկեղեցիներու ճամբով մնայուն կերպով կ՛անսայ ժողովուրդի կարիքներուն:

 

Է.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունք

Հիմնուած` 1977-ին, հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութեան ու մեր մշակութային ժառանգութիւնը ժողովրդային լայն խաւերուն մէջ տարածելու կողքին, կը նախաձեռնէ նաեւ այցելութիւններ բանտարկեալներու, տարեցներու եւ հիւանդներու, տրամադրելով նիւթական օժանդակութիւն, ինչպէս նաեւ` սննդեղէնի եւ կենցաղային այլ անհրաժեշտութիւններ:

Կաթողիկոսին հովանաւորութեան եւ խնամատարութեան տակ գործող «Թռչնոց բոյն»-ը կը պատսպարէ որբ եւ ընտանեկան հարց դիմագրաւող փոքրիկները` անոնց ջամբելով ուսում, խնամք եւ դաստիարակութիւն:

 

Ը.- Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակ

Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը ծառայողական իր աշխատանքները կը ծաւալէ առողջապահական, ընկերային, սննդեղէնի ու դեղորայքի հայթայթման, կրթական եւ քաղաքացիներու պետական դիւականակալական եւ այլ թուղթերու ու դժուարութիւններու լուծման աշխատանքային ծիրով: Առօրեայ դրութեամբ մեծ թիւով հայորդիներ կը դիմեն գրասենեակ` իրենց հարցերուն լուծում ապահովելու համար: Գրասենեակը կը փորձէ նաեւ անգործութենէ տագնապող հայորդիներուն գործ գտնել:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն 2017-ին հաստատեց Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը, որուն աշխատանքը գործադրութեան դրուեցաւ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի ճամբով: Փետրուար 2019-էն մինչեւ մարտ 2020 ֆոնտը իր գործունէութիւնը ծաւալեց հայ ընտանիքի կազմութեան, հայ մանուկի, ընտանիքի բազմացման եւ հայ ուսանողի: Դժբախտաբար Կեդրոնական կոմիտէն պարտաւորուեցաւ որոշ ժամանակի մը համար ընդհատել ֆոնտի գործունէութիւնը` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ ստեղծուած աննախընթաց ճգնաժամը եւ օժանդակութեան այլ առաջնահերթութիւններու յառաջացումը:

 

Թ.- Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունք

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը տարեկան նիւթական օժանդակութիւն կը յատկացնէ ընկերային եւ առողջապահական ծառայութիւններ մատուցող շրջանի բոլոր կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն եւ կեդրոններուն: Կը սատարէ նաեւ այդ կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն նպատակաուղղուած ծրագիրներուն: Քաղաքապետական խորհուրդի ընկերային յանձնախումբը կը կազմակերպէ փոքրերու եւ տարեցներու բարեսիրական հաւաքոյթներ: Քաղաքապետութիւնը իր հանրային առողջապահական բաժանմուքով կ՛ապահովէ հանրային վայրերու առողջապահութիւնը:

Ան մարդուժ կը տրամադրէ այն բոլոր տեղական,ոչ կառավարական եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, որոնք կը նպաստեն շրջանի բարգաւաճման ծրագիրներուն եւ կը տրամադրեն օժանդակութիւն կարիքաւորներուն: Այս բոլորին կողքին, քաղաքապետութիւնը նաեւ կը սատարէ Պուրճ Համուտի բնակիչներու շէնքերու բարենորոգման ու բարեզարդման աշխատանքներուն: Ներկայիս քաղաքապետութիւնը ձեռնարկած է Պուրճ Համուտի ժողովուրդին համար բնակարանային մեծ համալիրի մը շինութեան աշխատանքին:

 

Ժ.- Այնճարի Քաղաքապետութեան Ընկերային Ծառայութիւններ

Այնճարի քաղաքապետութիւնը իր ծառայողական սպասարկութիւններով մնայուն ներկայութիւն է հայաւանին մէջ: Անոր ծառայութիւններուն մաս կը կազմեն 24-ժամեայ դրութեամբ գիւղի հիւանդներու հիւանդանոց փոխադրութիւնը, կարօտեալ հայրենակիցներու սննդամթերք եւ վառելանիւթ ապահովելը, ինչպէս նաեւ շրջանի ԼՕԽ-ի մասնաճիւղին հետ գործակցաբար` հայրենակիցներու բնակարանները բժշկական կազմածներ փոխադրեու եւ բժշկական ծառայութիւններ մատուցելու աշխատանքը: Քաղաքապետութիւնը գործնապէս կը սատարէ եւ մարդուժ կը տրամադրէ ոչ կառավարական եւ տեղական կազմակերպութիւններուն, որոնք բարգաւաճման ծրագիրներ կ՛իրագործեն եւ վարժողական սեմինարներ կը կազմակերպեն գիւղին մէջ:

 

ԺԱ.- Հայ Ազգային Բուժարան, Ազունիէ

Կը գործէ 1923-էն ի վեր, ուր կը պատսպարուին առողջական, հոգեբանական եւ ֆիզիքական դժուարութիւններ ունեցող հիւանդներ: Հաստատութեան գործունէութիւնը կը հովանաւորեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական ընկերակցութիւնը: Կառոյցէն ներս կը գործէ նաեւ տարեցներու պատսպարման բաժանմունքը:

 

ԺԲ.- «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Կը գտնուի իր հիմնադրութեան 100-ամեակի սեմին: Ան կը կատարէ հետեւեալ ծառայութիւնները. ընդհանուր բժշկութիւն, մանկաբուժարան եւ պատուաստ, ակնաբուժարան, ատամնաբուժարան, դեղարան եւ տարրալուծարանի սպասարկութիւն:

Այս ծառայութիւններու կողքին, հաստատութեան «Փարոս» ծրագիրը կը նպատակադրէ այցելել հայորդիներու բնակարանները, որոնք ֆիզիքապէս անկարող են տունէն դուրս գալու եւ անոնց կ՛ապահովէ բժշկական ու դեղորայքի անմիջական խնամք:

Հաստատութեան ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը տաք ճաշ, դեղորայք եւ հիւանդանոցային օգնութիւն կը տրամադրէ կարիքաւորներուն: Այս գրասենեակը կ՛իրագործէ նաեւ անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու անվճար դասընթացքներ, կը սատարէ հայորդիներու գործի հայթայթման, կը ցուցաբերէ հոգեբանական ընկերային աջակցութիւն: Գրասենեակը իր սերտարանի ճամբով առիթ կը ստեղծէ աշակերտներուն, որոնք կարելիութիւնը չունին տան մէջ իրենց ամէնօրեայ դասերը պատրաստելու:

«Գարակէօզեան» հաստատութեան մէջ կը գործէ նաեւ մտային առողջութեան բաժանմունքը, ուր, այլ ծառայութիւններու կողքին, մանուկներ կը ստանան ուղղախօսութեան եւ հոգեշարժային մասնագիտական օգնութիւն, մանկավարժական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու մասնագիտական հոգատարութիւն, ինչպէս նաեւ` հոգեբանական ուղղութիւն:

 

ԺԳ.- «Ճինիշեան» Յիշատակի Ձեռնարկ

«Ճինիշեան» հաստատութիւնը կը գործէ 1966-էն ի վեր: Անոր գործունէութեան մաս կը կազմեն դարմանատունը` դեղերու սպասարկութեամբ եւ բժշկական այցելութիւններով: Հաստատութիւնը մասնակից կը դառնայ հիւանդանոցային եւ տարրալուծարանի քննութիւններու ծախսերուն: Ան նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ կարիքաւոր ընտանիքներու եւ տարեցներու, ինչպէս նաեւ նեցուկ կը կանգնի տնտեսական եւ բարոյահոգեբանական խնդիրներ ունեցող հայորդիներուն` կատարելով նաեւ անհրաժեշտ խորհրդատուութեան աշխատանք: Հաստատութիւնը կ՛իրագործէ նաեւ տաք ճաշի սպասարկութիւն: Հաստատութենէն ներս կ՛իրականացուին պարմանուհիներու ինքնազարգացման անվճար ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ հաստատութիւնը օժտուած է գործի հայթայթման գրասենեակով:

 

ԺԴ.- ՔԱՀԼ

Հայ տարեցներու տունը, 1923-ին Միացեալ Նահանգներու (Near East Relief) կողմէ Ղազիրի մէջ սկսուած եւ ապա զուիցերեացիներու (Swiss friends of Armenians) հոգածութեան յանձնուած եւ 1946-ին  իր ներկայ վայրը փոխադրուած, մեր համայնքէն ներս իր լայն ներդրումը ունի  կուրանոցով եւ ծերանոցով: 1964-էն սկսեալ հաստատութիւնը փոխանցուած է Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անկէ ետք անուանուած է ՔԱՀԼ` Լիբանանի հայ անկարներու կեդրոններ: Այս շրջանէն ետք հաստատութիւնը ընդարձակուելով` օժտուած է ծերանոցի, դպրոցներու եւ ձեռային, ընկերային ծառայութեան բաժիններով:

 

ԺԵ.- «Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոն

1987-ին հիմնուած «Զուարթնոց» կեդրոնը յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու` 4-45 տարեկան, որոնք մտային եւ ֆիզիքական դժուարութիւններ ունին, միակ կեդրոնն է լիբանանահայ համայնքէն ներս: Կեդրոնէն ներս կը կիրարկուի  կրթական ծրագիրներ` սորվելու դժուարութիւններ ունեցող, ծինային դժուարութիւններ ունեցող, ինչպէս նաեւ վարուելակերպի եւ հաղորդակցութեան դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներու:

Կեդրոնէն ներս աշխատանոցներու ճամբով կը կիրարկուին ձեռային աշխատանքներու եւ առօրեայ հմտութիւններու դասաւանդութիւն եւ մարզում:

Կեդրոնը օժտուած է հոգեշարժունակութեան մասնագէտներով, ինչպէս նաեւ արդիական սարքաւորումներով` զարգացնելու աշակերտներու տեսողական, լսողական եւ շօշափելու կարողութիւնները, որպէսզի անոնք կարենան կարգաւորել իրենց զգացական, եւ հոգեկան վիճակը: Կեդրոնը ծնողներուն նաեւ կը փոխանցէ կանխազգուշացման դասընթացքներ:

 

ԺԶ.- «Կեանք Մը Փրկենք» Ֆոնտ

Հայ ընկերային ծառայողներու միութեան եւ ԱՖՀԻԼ-ի նախաձեռնութեամբ կը գործէ «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտը, որ ըստ կարիքի կը դիմէ նաեւ ժողովրդային հանգանակութեան` հիւանդանոցային մեծագումար ծախս պահանջող վիրաբուժական գործողութիւններու համար, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել կեանքը ծանր հիւանդութիւններէ տառապող հայորդիներուն:

 

ԺԷ.- Ազգային Խորհուրդ

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքները դարմանելու, ինչպէս նաեւ բարգաւաճման ու շինարարական ծրագիրներ իրագործելու համար քաղաքացիական պատերազմի թէժ օրերուն ՀՅ Դաշնակցութեան ջանքերով եւ մասնակցութեամբ համայնքի յարնուանութիւններուն, կուսակցութիւններուն եւ միութիւններուն, կեանքի կոչուեցաւ Ազգային խորհուրդը:

Ազգային խորհուրդի բարիքներէն օգտուեցան մեծ թիւով հայորդիներ, եւ բնակարանային ծրագիրները մեծապէս նպաստեցին Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծի պահպանման, ինչպէս նաեւ առիթ ընձեռեցին, որ սահմանափակ եկամուտով ընտանիքներ կարենան յարկաբաժիններու տէր դառնալ: Խորհուրդը հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ գաղութի վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ, եւ հետագային խորհուրդի գործունէութիւնը շարունակուեցաւ բարեսիրական եւ իրերօգնութեան մասնագիտական մարզերու կառոյցներու ստեղծումով:

 

ԺԸ.- ԱՖՀԻԼ

ԱՖՀԻԼ իրերօգնութեան սնտուկը կ՛ապահովէ մեծ թիւով հայորդիներու հիւանդանոցային ապահովագրութիւնը` յարամարաւէտ գիներով: Հաստատութեան ծրագիրներուն մաս կը կազմեն` համալսարանական ֆոնտը, հիւանդանոցային տնային սարքերու ապահովումը եւ արեան պանքի ծրագիրը: Պուրճ Համուտի եւ Անթիլիասի մէջ գործող ԱՖՀԻԼ-ի մարզական կեդրոնները առիթ կը ստեղծեն երիտասարդութեան` յարմարաւէտ գիներով կատարելու ֆիզիքական մարզանքներ:

 

ԺԹ.- Տնտեսական Բարելաւումի Հայկական Հիմանդրամ – ԱՖԷՏ

ԱՖԷՏ-ը հիմնուած է 1977-ին: Անոր խորհուրդին մաս կը կազմեն յարանուանական եւ միութենական վեց հաստատութիւններ եւ միութիւններ` Ազգային խորհուրդ, «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ», Լիբանանահայ օգնութեան խաչ, Ազգային առաջնորդարան, ՄԵՆԶԱ վարկի համագործակցական, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւն եւ կաթողիկէ համայնք: ԱՖԷՏ-ը ծնունդ է լիբանանահայ կեանքէն բխած անյետաձգելի եւ անխուսափելի կարիք-պահանջի մը եւ իրաւամբ դարձած է լիբանանահայութեան տնտեսական բարգաւաճման ու հզօրացման մնայուն կռուան մը: Խորհրդանշական տոկոսներով տրուած վարկերէն օգտուած են ժողովրդային տարբեր խաւերէ մեծաթիւ հայորդիներ ու միութենական հաստատութիւններ եւ այդ ճամբով իրագործած են տարբեր ծրագիրներ, ու անոնք ի վիճակի դարձած են շրջանցելու ժամանակի մը մէջ յառաջացած իրենց դժուարութիւնները:

 

Ի.- ՄԵՆԶԱ Վարկի Համագործակցական

ՄԵՆԶԱ հիմնուած է 1979-ին եւ պետական ճանաչում ունցող հայկական վարկի համագործակցականն է Լիբանանի մէջ: Հաստատութիւնը օգտակար կը դառնայ սահմանափակ եկամուտ ունեցող ընտանիքներուն` չնչին տոկոսներով գումարներ հայթայթելով, որպէսզի անոնք կարենան հոգալ իրենց  կարիքները եւ փոքր ասպարէզի հետ առնչուած նոր ծրագիր մը մէջտեղ բերել:

 

ԻԱ.- ԺՊԻՏ

2008-ին խումբ մը ձեռներէց տիկիններու նախաձեռնութեամբ հիմնուած է ԺՊԻՏ կազմակերպութիւնը: Անոր առաքելութեան մաս կը կազմեն կարիքաւոր պատանիներու եւ մանուկներու, ինչպէս նաեւ ընտանիքներու հոգատարութեան մասնակցութիւնը: Կազմակերպութիւնը կրթանպաստ կը տրամադրէ աշակերտներու եւ ուսանողներու: Կը կազմակերպէ անվճար սերտողութեան դասընթացքներ, ինչպէս նաեւ մանկավարժական եւ դաստիարակչական իրեր կը տրամադրէ հայկական վարժարաններուն:

Առողջապահական մարզէն ներս նաեւ ունի իր ծառայութիւնները եւ օժանդակութիւններ կը տրամադրէ առողջապահական հարցեր դիմագրաւող կարիքաւոր հայորդիներուն: Յատուկ հոգածութիւն կը ցուցաբերէ մանուկներուն: Որդեգրած է տաք ճաշի դրութիւն:

Վերջապէս, պէտք է լուսարձակի տակ առնել նաեւ զանազան առիթներով գաղութին մէջ հաստատուած համալսարանական, հրատարակչական եւ մշակութային հիմնադրամներն ու ֆոնտերը, որոնք մեծ նպաստ կը բերեն գաղութի կենսունակութեան եւ աշխուժութեան: Կրթական ու համալսարանական միջավայրին մէջ լիբանանահայ համայնքին մէջ հսկայական դերակատարութիւն ունեցած է ու կը շարունակէ ունենալ «Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական բաժանմունքը, որ սատարած է դպրոցաշինարարական ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ մինչեւ այսօր կրթանպաստներ կը տրամադրէ աշակերտութեան եւ ուսանողութեան ու կը հովանաւորէ մանկավարժական, հետազօտական, արհեստագիտական, հրատարակչական եւ արեւմտահայերէնի զարգացման ծրագիրներ:

Լիբանանահայ ուսանողութեան իր գնահատելի նպաստը կը բերէ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ հաստատուած «Րաֆֆի Մանուկեան» ֆոնտը:

Անհրաժեշտ է արձանագրել, որ լիբանանահայ բոլոր վարժարանները իրենց հիմնադրութենէն ի վեր հսկայական կրթանպաստ  կը տրամադրեն հայ աշակերտութեան եւ կը կատարեն կրթաթոշակի կարեւոր զեղչեր` հիմնական առաջադրանք ունենալով հայ աշակերտը չզրկել հայեցի ուսման անփոխարինելի միջավայրէն:

Ամփոփ եւ առաւելագոյն չափով ընդգրկուն ներկայացումէն ետք արժէ կատարել հետեւալ հաստատումները.

1.- Նշեալ գրեթէ մեծամասնութիւնը կազմող կառոյցներու ծառայութիւններէն կ՛օգտուին, լիբանանահայ համայնքի կողքին, նաեւ տեղացի ժողովուրդէն մաս մը:

2.- Այս բարեսիրական միութիւններու եւ կառոյցներու պիւտճէն կը գոյանայ հաստատութիւններու, բարերարներու եւ անշուշտ ժողովրդային համեստ խաւերու լումաներու ճամբով: Այլ խօսքով, ամբողջ համայնքը մասնակից է բարեսիրական այս ընդհանուր աշխատանքին:

3.- Կամաւորական աշխատանքի մթնոլորտը տիրապետող է այս կեդրոններուն մէջ:

4.- Բոլոր միութիւններու եւ կեդրոններու կողմէ ծառայութիւնները կը մատուցուին առանց յարանուանական եւ կուսակցական խտրականութեան, ինչպէս նաեւ` անկողմնակալ մօտեցումով:

5.- Կեդրոններու աշխատակազմերը մնայուն կերպով մասնակից կը դառնան մասնագիտական վերաորակաւորման վարժողական ծրագիրներուն:

Այս բոլորէն ետք, անշուշտ, համայնքին սպառնացող աննախընթաց ու համընդհանուր ճգնաժամերու ընթացքին զօրաշարժը կը դառնայ ամբողջական: Միացեալ ու համադրեալ ճիգով ամբողջ համայնքը կը լծուի վերականգնումի, փրկութեան ու օժանդակութեան առաքելութեան: Անցնող երկու տարիները մեծագոյն ապացոյցն են այս հաստատումին: Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամը «Քորոնա» ժահրի համավարակը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը ծանր կացութեան դիմաց դրին համայնքի կեանքը, եւ մեր հայորդիները մինչեւ այսօր այդ իմաստով կը դիմագրաւեն բազմաթիւ դժուարութիւններ եւ տագնապներ, սակայն շնորհիւ համայնքի կրօնական եւ քաղաքական ղեկավարութեան անդուլ, աննահանջ եւ վճռական կամքին ու աշխատունակութեան, ինչպէս նաեւ` համայնքի շուրջ ստեղծուած համահայկական զօրակցութեան, ահաւասիկ լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ իր երթը` շրջանցելով ամէնօրեայ բոլոր դժուարութիւնները: Ի տես այս ճգնաժամին, նշեալ բոլոր բարեսիրական, առողջապահական կառոյցներու վրայ կու գան աւելնալու նոր ֆոնտեր եւ օժանդակութեան ու վերականգնումի մարմիններ, որոնք կը ստանձնեն կացութեան բարեշրջման ծանր պարտականութիւնը: Արամ Ա. վեհափառի նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ կեանքի կոչուած «Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմին»-ը անցնող երկամեակին ծաւալեց լայնածաւալ գործունէութիւն` մասնակից դառնալով մօտաւորապէս 1600 բնակարաններու նորոգութեան եւ վերաշինութեան աշխատանքին, ինչպէս նաեւ` իրագործելով օժանդակութեան այլ ծրագիրներ:

Վերջին երկու տարիներուն տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պեզիքեաններու ճամբով ստեղծուած օժանդակութեան ծրագիրները կը շարունակեն տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ մեծագումար ներդրումներով անսալ մեր ժողովուրդի ընկերային, տնտեսական եւ առողջապահական կարիքներուն: Անանուն այլ բարերարներ եւս մեծագումար նուիրատուութիւններով կը սատարեն Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքին եւ այլ բարեսիրական կառոյցներու գործունէութեան: Լիբանանահայ երեք համայնքները կը փորձեն ապահովել նշանակալից ներդրում` այս ճգնաժամի շրջանցման մէջ: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Հայ օգնութեան միութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան աշխարհատարած կառոյցները զօրավիգ են լիբանանահայութեան վերականգնումի աշխատանքերուն: «Արտակարգ իրավիճակներու մարմին- ԿԱՄՔ» գործունէութիւնը, որ նախաձեռնութիւնն է ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, կ՛առաջադրէ համակարգել հայաշխարհի կուսակցական կառոյցներու եւ ՀՕՄ-ի միաւորներու տրամադրած օժանդակութիւնները լիբանանահայութեան: Ներկայ փուլին Արամ Ա. վեհափառ գործադրութեան դրաւ նաեւ կաթողիկոսութեան կողմէ առաջադրուած լիբանանահայութեան վերականգնումի հինգ ծրագիրներու գործադրութեան համար մեծագումար յատկացումներ:

Այս բոլորը մատնանշելով` բնականաբար մեր տեսադաշտին մէջ կը շեշտուի հաւաքական ու միասնական ճիգով օժանդակութեան եւ իրերօգնութեան գործունէութիւնը հունաւորելու համայնքի տարիներու ընթացքին նուաճած հարուստ կենսափորձը:

Մեր ժողովուրդը եւ յատկապէս համայնքի պատմութեան քաջածանօթ իւրաքնաչիւր անհատ ամբողջականօրէն իրազեկ է այս կառոյցներու եւ միութիւններու բարեսիրական մարզի մէջ ծաւալած հսկայական գործին:

Յիշեցումը այս փուլին կենսական նշանակութիւն ունի, երբ շատ յաճախ ականատես ու ականջալուր կը դառնանք բոլորս մեր ժողովուրդի արժանապատուութիւնը վիրաւորող եւ բարեսիրական քողի տակ այլ նպատակներ հետապնդող, ինչպէս նաեւ անհատական նեղմիտ հաշիւներով առաջնորդուող պարագայական օժանդակութիւններու, որոնք նուիրատուին շուրջ քարոզչական մթնոլորտ ու հետաքրքրութիւն ստեղծելէ անդին` չունին բարերար ոչ մէկ նշանակութիւն եւ ոչ մէկ ձեւով կը նպաստեն գաղութի կենսունակութեան ամրակայման:

Հաւանաբար բարեսիրական կառոյցներու այս գործը, ներդրումը եւ վաստակը մեր վարժարաններու եւ միութիւններու ճամբով պէտք է լայնօրէն ծանօթացնել նորահաս սերունդներուն եւ ապահովել անոնց կամաւոր մասնակցութիւնը այս կառոյցներու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` օգտուիլ անոնց մասնագիտական կարողութիւններէն: Այս աշխատանքին ձեռնարկած են արդէն բարեսիրական շատ մը միաւորներ:

Եզրակացնելու համար կը մնայ մնայուն կերպով շնորհակալ ու երախտապարտ մնալ այս կառոյցներուն մէջ գործող անձնակազմերուն եւ կամաւորներուն, որոնց թիւը բաւականին մեծ է:

Վա՛րձքը կատար բոլորին:

 

Յակոբ Հաւաթեան

«Ազդակ»