image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայ պատանի՝ Վեհ-Քրիստ Հարպոյեան մահէ փրկուած (Տեսանիւթ)

Լիբանանահայ պատանի՝ Վեհ-Քրիստ Հարպոյեան մահէ փրկուած (Տեսանիւթ)

 Պէյրութէն վերահասու դարձանք, որ լիբանանահայ համայնքի մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչներէն՝ Վեհ-Քրիստ Հարպոյեան ստոյգ մահէ փրկուած է։

Այս մասին «Արեւելք» մանրամասնութիւններ քաղեց «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանէն, որ հաղորդեց, թէ շաբաթ յետմիջօրէին, երբ Վեհ ( 12 տարեկան ծնեալ՝ Պէյրութ) կը մասնակցէր Ֆութպոլի խաղի մը վերջին պահուն վիրաւորուած է։

 

 Մարզիչները նախազգալով եղածը, արագօրէն Վեհը փոխադրած են հիւանդանոց, ուր պարզ դարձած է, որ վերջինս «կորսուած փամփուշտ» մը ստացած է, որ  կռնակէն մտնելով հաստատուած է անոր թոքերուն մէջ։

Աւելի ուշ ապահովական մարմիններ քննութիւն բացած են եղածին վերաբերեալ հաստատելով, որ Վեհի ստացած փամփուշտը «Ղըպայրի» շրջանին մէջ ընթացող թաղման ատեն եղած ապօրինի կրակոցներու հետեւանք է։

Յիշեցնենք, որ Վեհ ճեմարանական է եւ ան միաժամանակ անդամ է ՀՄԸՄ-ի եւ Պէյրութեան Ֆութպոլի ակադեմիային։

Վեհի տրամադրութիւնները բարձր են եւ հօրը պատմելով, ան իր ուրախութիւնը արտայայտած է, որ Սաֆա խումբին դէմ եղած խաղին իրենք չեն պարտուած։

 

Առողջութիւն   Վեհ անունը կրող  քաջ    հայորդիին։

 

Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի