image

Լիբանան. Վարչապետ Սալամի կառավարութիւնը կը պատրաստուի քննադատել «Հըզպալլա»ի արարքը

Լիբանան. Վարչապետ Սալամի կառավարութիւնը կը պատրաստուի քննադատել «Հըզպալլա»ի արարքը

Յիշեցնենք, որ այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ Լիբանանի կառավարութիւնը, գլխաւորութեամբ նախագահ Ժոզէֆ Աունի, արտահերթ նիստ մը կը գումարէ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ։ Կը սպասուի, որ նիստի աւարտին հրապարակուի կարեւոր համարուող հաղորդագրութիւն մը։ 

Միւս կողմէ եւ ըստ «Ալ-Հատաս» հեռուստակայանի աղբիւրներուն, Լիբանանի քաղաքական վերնախաւը պաշտօնական մակարդակով ժողովներ գումարած է «Հըզպալլա»-ի դէմ միջոցառումներու նախապատրաստութեան նպատակով։ Աղբիւրները կը նշեն, որ Լիբանանի կառավարութիւնը այս առաւօտ «Հըզպալլա»ի կողմէ Իսրայէլի ուղղութեամբ հրթիռներ արձակելը համարած է «ահաւոր սխալ»։

 

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը