Ըստ բժիշկին, հիւանդանոցին մէջ արդէն նկատած են, թէ ուռուցքները սկսած են մեծնալ այն հիւանդներուն մօտ, որոնք պէտք եղած բուժումը չեն ստանար, ինչ որ վատ նշան է կարգ մը հիւանդներու համար:
«Եթէ կառավարութիւնը ամբողջովին վերցնէ դեղերուն տրամադրուած նեցուկը եւ ազատ շուկայի մէջ վաճառուին անոնք, լիբանանցիներուն հազիւ 10-15 տոկոսը պիտի կարենայ գնել, որովհետեւ մեծամասնութիւնը արդէն աղքատութեան եզրէն ցած մակարդակի վրայ է»,- զգուշացուցած է բժիշկ Ապիատ:
Լիբանանի մէջ դեղերու տագնապը տակաւին անլոյծ կը մնայ: Աւելի վաղ «Արեւելք» անդրադարձած էր Լիբանանի մէջ դեղերու անգտանելիութեան վտանգաւոր հետեւանքներուն, մանաւանդ քաղցկեղի հիւանդներու պարագային:
Օրերս Լիբանանի Հարիրի հիւանդանոցի տնօրէն`բժիշկ Ֆիրաս Ապիատ, «Ալ Հուրրա» հեռատեսիլային կայանի «Լիբանանեան պատկերը» ծրագրին տուած հարցազրոյցի ընթացքին կրկին անգամ ձայն բարձրացուցած էր եւ բնութագրած հիւանդանոցին վիճակը՝ ճգնաժամային: «Հիւանդանոցներու դիմագրաւած ամէնէն հիմնական դժուարութիւնները ներկայիս վառելանիւթն ու ելեկտրականութիւնն են: Հիւանդանոցի վարչական բաժնին մէջ լոյսերը անջատեցինք, օդափոխիչները մարեցինք, խնայելու վառելանիւթը յօգուտ հիւանդներուն»,- ըսած է տնօրէնը:
Ապիատ ընդգծած է, թէ բացի դեղերու եւ բժշկական պարագաներու անբաւարարութեան հարցէն, ծագած է նաեւ բժշկական անձնակազմի հարցը. կարգ մը բժիշկներ ու հիւանդապահներ ձգած են հիւանդանոցը, որովհետեւ վառելանիւթ չըլլալու պատճառաւ անկարող են ապահովել փոխադրամիջոց:
Բժիշկ Ապիատ ըսած է, թէ կառավարութիւնը վառելանիւթի յատկացուցած նեցուկը նուազեցնելով հարցին լուծում չէ տուած, «Եթէ հիւանդանոցը սուղ գնէ վառելանիւթը, ուրեմն այդ պիտի բարդուի հիւանդին կողմէ վճարելիք գումարին վրայ, ի մասնաւորի սեփական հիւանդանոցներուն մէջ, եւ հիւանդը ի վիճակի չէ վճարելու գիներու այս մեծ տարբերութիւնը»,- շարունակած է տնօրէնը:
Իսկ ինչ կը վերաբերի քաղցկեղի հիւանդներուն, ան շեշտած է, թէ դեղերու անգտանելիութեան պատճառաւ անոնք պիտի դիմագրաւեն «հաւաքական կոտորած»: «Եթէ խօսինք քաղցկեղով հիւանդ մանուկներուն մասին, քիմիական բուժումի յաջողութեան տոկոսը կը կազմէ 90-էն աւելի, եւ ոճրագործութիւն է զրկել մանուկները այդ առիթէն դեղերու անբաւարարութեան պատճառաւ»,- նշած է բժիշկը: Ան աւելցուցած է, թէ հիւանդներուն հարազատները հնարաւորութիւն չունին արտասահմանէն ուղարկելու այսպիսի դեղեր, որոնք չեն վաճառուիր դեղարանները, այլ միայն կը տրամադրուին հիւանդանոցներուն:
Ըստ բժիշկին, հիւանդանոցին մէջ արդէն նկատած են, թէ ուռուցքները սկսած են մեծնալ այն հիւանդներուն մօտ, որոնք պէտք եղած բուժումը չեն ստանար, ինչ որ վատ նշան է կարգ մը հիւանդներու համար:
«Եթէ կառավարութիւնը ամբողջովին վերցնէ դեղերուն տրամադրուած նեցուկը եւ ազատ շուկայի մէջ վաճառուին անոնք, լիբանանցիներուն հազիւ 10-15 տոկոսը պիտի կարենայ գնել, որովհետեւ մեծամասնութիւնը արդէն աղքատութեան եզրէն ցած մակարդակի վրայ է»,- զգուշացուցած է բժիշկ Ապիատ:
Լուրը՝ Lebanon24 կայքէն