«Արեւելք» (Լիբանան),- Բնաւ չափազանցած պիտի չըլլանք, եթէ արդարացիօրէն ըսենք, որ այսօր հայ իրականութեան մէջ ամէնէն աւելի բեղուն գրիչ ունեցող միաբան հայրերէն՝ Հայր Մեսրոպ վրդ. Թօփալեան հրապարակած է նոր հատոր մը խորագրեալ՝ «Երթա'նք Աստուածահայր Ս. Յովսէփին»։
Արդարեւ երկար տարիներու հովուական ծառայութեան եւ առաքելութեան կողքին Հայր Մեսրոպի անունը ուղենշային կերպով կ՚առանձնացուի, որպէս ծաղկող գրիչ, եւ մեսրոպաշունչ գիրի իրական մատենագրող։
Լաւագոյնը մաղթելով սիրելի վարդապետին ստորեւ կը ներկայացնենք, անոր օրերս կատարած գրառումը՝
Քոյրերս-Եղբայրներս, շատ ուրախ եմ իմացնելու ձեզի, թէ 5 Սեպտեմբեր 2025-ին լոյս ընծայեցի «Երթա'նք Աստուածահայր Ս. Յովսէփին» գիրքս' անծանօթ մնալ ուզող ազնիւ մեկենասին նուիրատուութեամբ։ Տէրը վարձահատոյց ըլլայ անոր։
Վերարծարծելու ենք Ս. Յովսէփի հանդէպ մեր ջերմեռանդութիւնը։ Մարիամ Սիրամօրմէն ետք մեծագոյն Սուրբն է հրաշագործ։