Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ հայ կին մահացած է։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Ատրպէյճանի առողջապահութեան նախարարութիւնը։
«Հոկտեմբեր 20-ին իր տան մէջ մահացած է 1954 թուականի ծնունդ Վերա Աղասեանը։ 70-ամեայ կնոջ մահուան պատճառը եղած է սուր սրտանօթային անբավարարութիւնը, որ առաջացած է թոքային զարկերակի երակախցման հետեւանքով»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Նշուած է, որ մինչ այդ Աղասեանը ենթարկուած է բուժզննութեան եւ ստացած անհրաժեշտ օգնութիւն։