Լեռնային Ղարաբաղի հայերը իրենց հայրենի տուներ վերադառնալու իրաւունք ունին. Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին այսպէս պատասխանած է Հոլանտայի մէջ Ատրպէյճանի դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավարին:
X-ի ընկերային ցանցի վրայ հեռակայ բանավէճի առիթ դարձած է ֆրանսացի դիւանագէտի գրառումը. Օլիվիէ Տըքոթինյին մէջբերած էր ողիմպիական խաղերու բացման ժամանակ «France 2»-ի հաղորդավարի`Լեռնային Ղարաբաղի մասին ըսածը։
Հոլանտայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանը սրտնեղած էր Տըքոթինյիի գրառումը, եւ ան «նախատած» էր Ֆրանսայի դեսպանը։
Վերջինս չէ ուզած լուռ մնալ եւ Ռահման Մութաֆաեւին յիշեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հայերու օրինական իրաւունքներու մասին, որոնք ամրագրուած են միջազգային դատարանի կողմէ։
Ֆրանսայի դեսպանը գործընկերոջը նաեւ յիշեցուցած է, որ միջազգային իրաւունքի մէջ «լաւ տղաներ» հասկացութիւն չկայ` անդրադառնալով Ատրպէյճանի դեսպանի այն արտայայտութեան, թէ եթէ հայերը «լաւ տղաներ» ըլլան, ապա կը կարողանան օգտուիլ «տարածաշրջանի խաղաղութեան հեռանկարներէն»:
Յիշեցնենք` Փարիզի մէջ ողիմպիական խաղերու բացման ժամանակ «France 2» հեռուստաալիքի հաղորդավար Լորան Տելաուսն ըսած էր, որ «Հայաստանը պատմականօրէն ֆրանսացիներու սրտին մօտ երկիր է, անցեալ տարին հայ ժողովուրդի համար սգոյ եւ Ատրպէյճանի ձեռքերուն մէջ յայտնուած Լեռնային Ղարաբաղի անկման տարի դարձաւ»։ Յուլիս 27-ին յայտնի դարձաւ, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը մտադիր է Տելաուսի յայտարարութեան համար բողոք ներկայացնել Միջազգային ողիմպիական կոմիտէ: