image

Լեզուական փեթակ՝ Պուրճ Համմուտը (32)

Լեզուական  փեթակ՝ Պուրճ Համմուտը (32)

Մնացորդաց

            Հայերէնն ու թրքերէնը (ա)

          Այս երկու լեզուները գոյակցած ըլլալով աւելի քան 800 տարի անխուսափելիօրէն պիտի ներգործէին իրար վրայ: Զանց ընելով այս փոխադարձութեան մէջ թրքերէնի կրած ազդեցութիւնները՝ հայերէնէն, այստեղ պիտի անդրադառնանք երկու  երեւոյթներու.

            ա) այնպիսիներուն, որոնք հայերէնի մէջ զարգացած ըլլալ կը թուին թրքերէնի դրդումով,

            բ)  եւ այնպիսիներուն, որոնք յառաջացած են թրքեէնի  պատճենումով:

            Եւ կը թուի, թէ բաւական  փարթամ է  բերքը:

            «Չկայ , որչափ գիտենք , ծանօթ լեզուաց մէջ լեզու մը ՝ որ այնչափ օտարութեանց անձնատուր, այնչափ կերպարանափոխ եղած, վերջապէս այնչափ ինք զինքն ուրացած ըլլայ, ինչպէս մեր վերջին դարերուն Հայերէնը... լեզուի մը այս աստիճան Հասնիլը՝ ճաշակագէտ զգացողութեան առջեւ անզգայութիւն եւ բանականութեան ատեանին առջեւն անտարակոյս ոճի՜ր մը համարուելու է» (Արսէն Այտընեան, Քննական քերականութիւն, «Նախաշաւիղ», 1866,  էջ 232):

                                                                    *   *   *

            Այտընեան եւ Աճառեան հաւասարապէս կը շեշտեն մասնաւորաբար բառային փոխառումնրը, որոնք շնչահեղձ ըրած են հայերէնը: Ըստ Աճառեանի՝ եղած  է պահ մը, ուր անոնց թիւը հասած է մինչեւ 4.000-ի.  արդ, այս թիւով փոխառութիւնը կ’ենթադրէ բոլորովին ինքնակորոյս լեզու մը, եւ այդպէս ալ եղած է հայերէնը իր կարգ մը կիրարկութեանց մէջ, քանի   թուրքերը դիւրաւ հասկցած են իրենց շուրջ խօուող հայերէնը:

            Սակայն իրերու վիճակը   միշտ նոյնը չէ մնացած. ազգային ու քաղաքական պայմաններու  նպաստաւոր դասաւորումով յառաջացած  զարթօնքը, որ կը բնորոշուէր մասնաւորաբար  Մխիթարեան ուխտի ծնունդով[1],  այլեւ արեւմտահայ դպրոցի  ու մամուլի հաստատումով  18-րդ դարու վերջերէն եւ 19-րդ դարու առաջին տարիներէն սկսեալ, կարելի եղած է հայերէնի վրայէն հետզհետէ թօթափել այն ահաւոր ժանգը, որ խաւար դարերը կուտակեր էին մեր ազգային լեզուի վրայ:

            Եւ Աճառեան կը հաստատէ, որ այդ ահարկու ժառանգը,  հետզհետէ տեղի տալով, իր  օրերուն կը հաշուէր մօտաւորապէս  170 բառ, որոնց ցուցակը կը գտնենք  անոր «Հայոց լեզուի պատմութիւն»-ի բ. հատորի մէջ (էջեր 275−279):

            Սակայն այս ցանկը եւս վերջնական չէ. ուշի-ուշով կարդալով զայն՝ կը նկատենք, որ ներկայ տուեալներով անկէ մնացած են ընդամէնը հետեւեալները՝ ալոճ, բուխերիկ, դդմաճ, ելակ, երշիկ, զիլ, թաղար, խամաճիկ, խոզակ, տոպրակ, տրմուղ, քութէշ, − եւ այսքան միայն. ութ-ինը դարու տէր եւ ստրուկի համակեցութենէն ժառանգ մնացած են  ընդամէնը տասնեակ մը բառեր. այս պատուաւոր արդիւնքին առթիւ մենք կրնանք հպարտութեամբ նմանակել  Այտընեանի խօսքը եւ ըսել.  

            − Չկայ, որչափ գիտենք, ծանօթ լեզուներու մէջ լեզու մը, որ այնքան օտարաբանութիւնը թօթափած ըլլայ, այնքան անաղարտ պահէ իր դիմագիծը եւ գուրգգուրայ իր ազգային հարազատութեան վրայ, որքան հայերէնը:

            Առ այս նկատի ունիմ մասնաւորաբար այն արեւմտահայերէնը, որ  ձեւաւորուեցաւ մեր դասականներով՝ Կարապետ Իւթիւճեաններով, Արփիար Արփիարեաններով, Գրիգոր Զոհրապներով, Դանիէլ Վարուժաններով, այլեւ բիւրեղացաւ նորագոյններով՝ Վահէ-Վահեանով, Վահան Թէքէեանով, Շաւարշ Նարդունիով, Վազգէն Շուշանեանով, Բենիամին Թաշեանով եւ ուրիշներով:

            Անշուշտ  նկատի ունիմ գեղարուեստական գրականութիւնը, մամուլը, բառարանները, դպրոցները, ուրկէ թրքերէնը այնքան հետեւողականութեամբ վտարուեցաւ:  Քիչ մը  տարբեր էր պարագան այն զանգուածներուն, որոնք Եղեռնէն ճողոպրած հաստատուեցան մերձարեւելեան երկիրներու մէջ եւ այլուր, եւ որոնց խօսակցական լեզուն երկար տուրք տուաւ թրքերէնին, սակայն ժամանակին հետ այնտեղ եւս փոխուեցաւ եւ շատ փոխուեցաւ  կացութիւնը:

            Այսքանը... բառապաշարի մակարդակին:

            Կացութիւնը  տարբեր է լեզուական ՝ ձեւաբանութեան, ոճաբանութեան  ու շարահիւսութեան  մակարդակներուն վրայ:

                                                                      *   *   *

            Մենք յընթացս այս յօդուածաշարքին տեսանք թրքրերէնի այնպիսի ոճեր ու կառոյցներ, որոնց առթիւ շեշտեցինք ցայտուն նմանութիւններ հայերէնին հետ:

            Առաջին գծի վրայ կու գայ երկու լեզուներու ցուցաբերած կցականութիւնը:

            Թրքերէնը ըստ ինքեան անհաւասարելի կը մնայ, սակայն հայերէնն ալ  իր կարգ մը ուշագրաւ  կցումներով  մղած է լեզուագէտները հաստատելու, որ մեր լեզուն հնդեւրոպական միակ   կցական լեզուն է: Այստեղ կ’ակնարկուի ոչ այնքան գրաբարին, որ կցական շատ խեղճ միջոցներ ունէր, որքան աշխարհաբարի մէջ անոր ցուցաբերած արտակարգ ճկունութեան:

            Հիմա հարց կը ծագի. ի՞նչ է դերը թրքերէնի՝ հայերէնի ցուցաբերած  կցականութեան մէջ: Կարելի՞ է ըսել, որ հայերէնը թրքերէնին կը պարտի  իր այս յատկութիւնը: Սակայն թրքերէնը ուրիշ ժողովուրդներու՝ արաբներու, յոյներու, ասորիներու հետ ալ շփուեցաւ այնքան, որքան հայերու հետ, ինչո՞ւ անոնք կցականութեան ոչ մէկ յատկանիշ վաստակեցան, եւ միայն հայերէնն է, որ  քայլ պահեց թրքերէնի հետ:  Այս  կը խօսի ինչ-որ ներունակութեան մը մասին, որ թաքնուած ունէր հայերէնը եւ ի յայտ եկաւ ու  զարգացաւ թրքական խայծով, թրքերէնին  նմանելու մարմաջով: Առանց  նման ներունակութեան ստեղծած պարարտ հողին՝ այդ կցականութիւնը չէր կրնար ինքնակոչ պատուաստուիլ հայերէնին:

            

Արմենակ Եղիայեան 

armenag@gmail.com

 

 



[1] Մխիթարեանները մեզ վերահայացուցին. հազիւ  Վենետիկ հաստատուած՝ քանի մը տասնամեակ անց լոյս ընծայեցին  Մխիթար Սեբատացիի «Բառգիրք հայկազնեան լեզուի» բառարանը (1749), որ այսօր ծանօթ է  «Հին հայկազեան բառարան» անունով եւ որ մայրն է «Նոր Հայկազեան»-ին (1836-37): Այս երկուքը յստակ սահմանագծեցին մեր բառագանձի հարազատութեան սահմանները՝ ի բաց վանելով ամէն  օտարաբանութիւն, յատկապէս՝ թրքաբանութիւն: