Շարահիւսութիւն
--ki
Այս ածանցը թրքերէնի փրկօղակն է շնորհիւ այն այլազան դերերուն որ կը խաղայ:
ա) Առկայացում
Bugün hayatımdaki en iyi gün.
Առանց ki բառին՝ նախադասութիւնը բառացի կը նշանակէ. «Այսօր կեանքիս մէջ (ի կեանս) ամէնէն լաւ օրն է»: Ki-ն այս նշանակութեան վրայ կ’աւելցնէ եղող դերբային համարժէք նշանակութիւն մը՝ աւելի տպաւորիչ ու համոզիչ դարձնելով, ձեւով մը նիւթականացնելով օրուան կարեւորութիւնը խօսողին կեանքին մէջ: Այս է առկայացումը:
Կրնայ դրուիլ զանազան հոլովներու վրայ.
benim-benimki benden-bendenki benle-benleki bende-bendeki
իմ-իմինս ինձմէ-իմինէնը ինձմով-հետինս իմ քովս-իմ քովինս
Այս յարացոյցը ի զօրու է որեւէ գոյականի. առնենք պատահմամբ baş “գլուխ ” բառը.
başınki başdanki başlaki başdaki
գլուխինը գլուխէնինը գլուխովինը գլխամէջինը
բ) Շաղկապում
Անոր հիմնական դերը շաղկապումն է, որով թրքերէնը, յատկապէս ժողոխրդախօսակցական թրքերէնը կը ջանայ դարմանել շաղկապակապան բառերու ծայրայեղ աղքատութիւնը:
***Իբրեւ յարաբերական դերանուն
Bu o bildiğin çocuk ki şimdi boyuna yetişmiş (dir).
Այս այն գիտցած մանուկ(դ) է, որ հիմա հասակիդ հասեր (է):
Çok sevdim o kitabı ki dun senden aldım.
Շատ սիրեցի այն գիրքը, որ երէկ քեզմէ առի:
***Իբրեւ ստորադասական շաղկապ
Sende biliyorsun ki en eyi cerrahımız sensin.
Դուն ալ գիտես կոր, որ լաւագոյն վիրաբուժնիս ես դուն:
Eminim ki yarın geleceksiniz.
Վստահ եմ որ վաղը պիտի գաք:
Görülüyor ki, bu karar haksızdır.
Կը տեսնուի, որ այս վճիռը անարդար է:
Öyle zayıfladı ki, bir deri bir kemik kaldı.
Այնպէս նիհարցաւ, որ մէկ մորթ, մէկ ոսկոր մնաց:
Bir bağırdı, bir bağırdı ki, yer yerinden oynadı.
Մէկ պոռաց, մէկ պոռաց, որ երկիրը տեղէն խաղաց:
Այս վերջին օրինակը մեզ կը լուսաբանէ առոգանութեան երեւոյթի մը մասին. թրքերէնը բացայայտօրէն դադար մը կ’առնէ ki շաղկապէն առաջ. հայերէնը հաւատարմօրէն ընդօրինակած էր այս առոգանութիւնը, եւ մինչեւ այսօր ալ շատ սովորական է հանդիպիլ մեր որ/թէ շաղկապէն առաջ ստորակէտ դնողներու:
***Իբրեւ թերի նախադասութեան շաղկապիչ
Uyandım ki, kimse kalmamış.
Արթնցայ (եւ...տեսայ), որ որեւէ մէկը չէ մնացած:
Baktım ki herkeş işine çabalaniyor.
Նայեցայ (եւ...տեսայ), որ ամէն ոք աշխատանքին կը տաժանի կոր:
***Իբրեւ ժամանակային շաղկապ
Güneş batmıştı ki köye vardık.
Արեւը մայրը մտած էր, որ գիւղին հասանք:
Daha yeni oturmuşudum ki kapı zilinin üst üste çalındığını duydum.
Դեռ նոր նստած էի, որ դռան զանգին վրայ-վրայի հնչելը լսեցի:
***Իբրեւ անհրաժեշտութեան ցուցիչ
Bu dil kalkmalı ki, başlayabilelim Ermenice düşünmeğe.
Այս լեզուն պէտք է վերնայ, որպէսզի կարենանք սկսիլ հայերէն մտածել
***Իբրեւ վերապահութեան, թերահաւատութեան ցուցիչ
Bu borcun altından kalkabilir mi ki ?
Այս պարտքին տակէն կրնա՞յ մը ելլել որ...
Bu darda ahli başinda insan var mi ki ?
Այս գաւառակին մէջ խելքը գլուխը մարդ կա՞յ մը որ...
Ասոնք խորքին մէջ իրենց վերջին բաղադրիչը կորսնցուցած բարդ նախադասութիւններ են. օրինակ՝
Առաջինին մէջ խօսողը, խօսակիցը չվիրաւորելու համար, չէ ուզած շարունակել միտքը ու ըսել «վստահինք իրեն պարտք տալ»:
Երկրորդին մէջ յապաւումը գուշակել կու տայ աւելի ծանրակշիռ դատողութիւն մը, որ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ գաւառակի ողջ բնակչոթեան մտային կարողութիւնը:
***Իբրեւ ցուցիչ խօսողի վերաբերումին՝ խնդրոյ առարկային հանդէպ. այս վերաբերումը կ’արտայայտուի բառային կրկնութեամբ՝ յապաւումով բոլոր ուրիշ բառերու:
Başbakan söyledi. – Başbakan ki başbakan.
Վարչապետը ըսաւ: − Վարչապետ որ վարչապետ...
Vapurumuz geliyor. − Vapur ki vapur.
Նաւերնիս կու գայ: − Նաւ որ նաւ...
Aynı okulda okudu. – Okudu ki okudu.
Նոյն դպրոցին մէջ կարդաց: − Կարդաց որ կարդաց:
Խօսքէ դուրս նման յապաւումներ կրնան շատ թելադրական չըլլալ ընթերցողին կամ լսողին, որ դժուար թէ կողմնորոշուի կրկնուող բառերու նշած առարկային առնչութեամբ:
Պարագան տարբեր է խօսակիցներուն համար, որոնք այլապէս տարբեր իրազեկութիւն ունին. կը ճանչնան վարչապետն ու նաւը, որոնց կ’ակնարկուի: