Մնացորդաց
Հայերէնն ու թրքերէնը (ե)
1. Քերականական ազդեցութիւններ
Օտար ազդեցութեան ենթակայ լեզուներուն մէջ քերականութիւնը կ'ըլլայ վերջին թիրախը, վերջին տեղի տուողը. այս տեսակէտէ՝ հայերէնի քերականութիւնը թրքերէնին դիմադրեց նոյնիսկ այն օրերուն, երբ Աճառեանի թուած 4.000 բառերը խուժած էին հայերէնի դարպասներէն ներս, եւ մեր լեզուն ըմբռնելի էր նոյնիսկ... թուրքերուն: Իր այդ վըճակին մէջ իսկ հայերէնը կը շարունակէր պահել իր քերականութեան հիմնական գիծերը՝ խոնարհումը, հոլովները, դիմորոշ յօդերն, լայն առումով՝ խնդրառութիւնը եւ այլն:
Տանք քանի մը օրինակներ միայն:
--թրքերէն արմատով բայեր
Այսպէս, հայուն համար սովորական էր բայեր կազմել թրքական արմատով կամ հիմքով եւ հայերէն վերջաւորթեամբ. այսպէս՝ ան դիւրաւ կ’ըսէր
կը պաքլայեմ կը սպասեմ bekle(mek)
կ’ազարեմ կը կշտամբեմ azarla(mak)
խարճել ծախսել harcamak
պարըշիլ հաշտուիլ barış(mak)
էզմել ճմլել ezm(ek)
Այսպիսիներէն ոմանք ի վերջոյ... հայացած են, ինչպէս՝ զօրել, թալլել, թխմել, խպնիլ, խաշել, նախշել, ճաթիլ եւ այլն:
Ունինք ասոնց յարադրաւոր ձեւերը եւս. օրինակ՝
ազմիշ ըլլալ բորբոքիլ azm(ak)
էզմիշ ընել ճմլել ezm(ek)
ույմիշ ըլլալ համակերպիլ, յարմարիլ uym(ak)
շաշմիշ ըլլալ զարմանալ, ապշիլ şaş(mak)
տալմիշ ըլլալ տարուիլ, սուզուիլ dal(mak)
--խօսքի այլ մասեր
***մակբայներ, որոնց արմատը հայերէն է, ածանցը՝ թրքերէն
չըսածտան ըսելէ առաջ demeden
ուտելնիքէն ուտելու ատեն yeriken
***թուականներ
Շատ սովորական էր վաթսունէն սկսեալ չորս տասնորդականները անուանել թրքերէն, միաւորները՝ հայերէն. օրինակ՝
ալթմիշմէկ altmış bir վաթսունմէկ
եթմիշչորս yetmiş dört եօթանասունչորս
սէքսէնհինգ seksen beş ութսունհինգ
տոխսանեօթը doksan yedi իննսունեօթը
Այս թուարկումը շատ սովորական էր ու տարածուն արեւմտահայոց մէջ: Յատկանշական է, որ հարիւր թիւը միշտ ալ հայերէն արտասանուած է եւ թրքերէն yüz “հարիւր” արտասանութեան կամ գրութեան ոչ մէկ պարագայ կը յիշատակուի:
***քանակութիւններ
Թրքերէնը սովորութիւն մը ունի առարկաները համրելու առթիւ թուականին ու առարկային անունին միջեւ աւելցնելու քանակ ցոյց տուող զանազան բառեր. օրինակ՝
«երկու խնձոր» ըսելու փոխարէն՝ ան կը նախընտրէ ըսել՝ «երկու հատ խնձոր». Հայերէնըն շատ հեզասահ հետեւած է այս ոճին, ուր այդ բառերը բոլորովին աւելորդաբանութիւններ են. ուրեմն՝
երկու հատ խնձոր iki tane elma
հինգ գուխ ոչխար beş baş koyun
տասը կտոր գորգ on parça hali
2. Յարաբերական-յարաբերեալ
Մենք գիտենք, որ թրքերէնը յարաբերական դերանուն՝ բառիս իսկական առումով, չունի, եւ այս բացը կը լրացնէ այլազան դերբայներով ու դերբայակերպներով, որոնցմէ բաւական օրինակներ ալ տեսանք:
Տեսանք նաեւ ki բազմարժէք ձեւոյթը, որ զանազան դերերու կարգին, կը կատարէ նաեւ յարաբերական դերանունինը: Սակայն ան ունի միայն ուղղական եւ հայցական հոլովները, իսկ մնացեալ հոլովները գոհացնելու համար կը դիմէ այլանդակ միջոցերու, որոնք յատուկ են թրքերէնին եւ որոնք թափանցած են հայերէնին եւս:
Օրինակ՝
O adam ki evine gittik.
Այն մարդը, որ տունը գացինք:
(Այն մարդը, որուն տունը գացինք)
O adam ki rast geldik.
Այն մարդը, որ հանդիպեցանք:
(Այն մարդը, որուն հանդիպեցանք)
O adam ki ayrıldık.
Այն մարդը, որ բաժնուեցանք:
(Այն մարդը, որմէ բաժնուեցանք):
O adam ki barışdık.
Այն մարդը, որ հաշտուեցանք:
(Այն մարդը, որուն հետ հաշտուեցանք):
Ուրեմն տուինք հայերէն բառացի թարգմանութիւնը, որ այնքան խորթ է մեր լեզուին եւ որ սակայն այնքան տարածուած էր իր օրին, առանց ներկայիս ալ բոլորովին շիջած ըլլալու, ապա փակագիծերու մէջ տուինք հայեցի ուղիղ ձեւը, որ կ’ուսուցենք մեր դպրոցներուն մէջ եւ կը կիրարկեն իրենց լեզուն բաւականաչափ գիտցողները:
Արմենակ Եղիայեան