Շարահիւսութիւն
2. Դերբայներ եւ դերբայակերպներ(ա)
Յարաբերական դերանուններու եւ շաղկապներու աղքատութիւնը թրքերէնի մէջ կը հատուցուի զանազան օժանդակ միջոցներով, ածանցական այլազան կառոյցներով եւ մասնաւորաբար դերբայներով եւ դերբայակերպներով. առանց այսպիսիներուն թրքերէնը փուլ կու գայ ու կը դադրի հաղորդակցական լեզու ըլլալէ:
* * *
ա) Համադասական շաղկապներ
--Թրքերէնը օժտուած է եւ համադասական շաղկապով՝ ve. սա նոյնն է պարսկերէն va եւ արաբերէն و համանուն շաղկապներուն հետ:
Խօսքի մասերէն բոլորը կը շաղկապուին ասով, օրինակ՝ hava ve su (օդ եւ ջուր), altı ve ustu (տակը եւ վրան), բացի դիմաւոր բայերէն: Ան չ’ըսեր, օրինակ՝
Dostum geldi ve halımı sordu.
Բարեկամս եկաւ եւ վիճակս հարցուց:
Այլ կը նախընտրէ դերբայական հետեւեալ ձեւը.
Dostum gelip halımı sordu.
Բարեկամս գալով վիճակս հարցուց:
Gelip-ը թարգմանեցինք գալով, որ ամենամօտ նշանակութիւնն է, այլապէս բուն համարժէքը չունի հայերէնը:
Ներդաշնակութեան բարդ օրէնքին ենթարկուելով՝ ան ունի չորս տարբերակ.
gel.ip (գալով), al.ıp (առնելով), gör.up (տեսնելով), sür.üp (քշելով):
Այսինքն՝ ip, ıp, up, üp, որ կ’աւելնայ բային արմատին վրայ՝ gel, al, gör, sür.
Նկատել, որ ասոնք կ’ակնարկեն այնպիսի գործողութիւններու, որոնք կը կանխեն դիմաւոր բայի ցոյց տուած գործողութիւնը. արդարեւ՝ բարեկամս նախ եկաւ, ապա հարցուց վիճակս. նաեւ՝
Verdiğim parayı alıp cebine koydu.
Տուած դրամս առնելով գրպանին դրաւ:
Նախ առաւ, ապա գրպանը դրաւ:
--arak
Այս եւս կը ծառայէ խուսափելու եւ-էն. իր կարգին աւելնալով բայարմատին վրայ, կը կազմէ դերբայ մը, որուն գործողութիւնը կը կանխէ դիմաւորինը. օրինակ՝
Kapuyu aç.arak eve girdi.
Դուռը բանալով տունին մտաւ:
Beni görerek sesini çekdi.
Զիս տեսնելով ձայնը քաշեց (=կտրեց):
Նման դերբայը կրնայ թելադրել նաեւ դիտումնաւոր գործողութիւն մը. օրինակ՝
Gözüme bakarak savışip gitti.
Աչքերուս նայելով սպրդեցաւ գնաց:
Ան կրնայ թելադրել պատճառ մը կամ հետեւանք մը. նման պարագաներու դերբայը շատ աւելի կը թարգմանուի հայերէնի տրականով. օրինակ՝
Suçunu bilerek hiç sesini çkarmadı.
Յանցանքը գիտնալուն՝ բնաւ ձայնը չհանեց:
Hasta olarak işine gidemedi.
Հիւանդ ըլլալուն՝ գործին չկրցաւ երթալ:
Այս ածանցը կ’ենթարկուի ներդաշնակութեան պարզ կանոնին. ուստի ունի միայն arak եւ erek տարբերակները, ինչպէս ցոյց կու տան օրինակները:
--ken…iken
Ասոնք նոյն անփոփոխ ածանցին երկու տարբերակներն են. կարելի է գործածել մէկը կամ միւսը. շատ աւելի կը կիրարկուի առաջինը՝ ken, որ կը կիրարկուի դերբային կցուած, մինչ iken-ը՝ անջատ: Կը դրուին ընդհանրական կամ անկատար ներկայի բունին վրայ եւ ցոյց կու տան դիմաւոր բային զուգահեռ կամ միաժամանակեայ այլ գործողութիւն մը. համարժէք է արեւելահաերէնի երթալիս/գնալիս, պտտելիս, փնտռելիս դերբայներուն. դերբայն ու դիմաւոր բայը կրնան ունենալ նոյն ենթական կամ տարբեր ենթականեր:
Bazara gider.ken ahbabımı gördüm.
Շուկայ գնալիս բարեկամս տեսայ:
Թրքերէնն ու հայերէնը հաւասարապէս դիմորոշ յօդով չեն օժտեր դերբայը. այդ դէմքը լռելեայն կ’իմացուի եւ կը նոյնանայ դիմաւոր բայով: Այլ խօսքով՝ այս պարագային դերբայն ու դիմաւոր բայը ունին նոյն ենթական:
Ուրեմն gider-ը gitmek բայի ընդհանրական ներկայի բունն է, որ կը համապատասխանէ նաեւ եզակի երրորդ դէմքին. յիշենք զայն՝
gider.im gider.sin gider
կ’երթամ կ’երթաս կ’երթայ
Üsküdar’a gider iken aldı da bir yağmur.
Սկիւտարի երթալիս առաւ (փրթաւ) մէկ անձրեւ:
Çamlıkda geziyorken buldum bu köpekı.
Անտառին մէջ պտտելիս գտայ այս շնիկը:
Biz yana yana arıyorken siz keyfinize bakıyordunuz.
Մենք հեւ ի հեւ փնռելիս դուք հաճոյքնուդ կը նայէիք:
Արմենակ Եղիայեան