Թրքերէնի բայական համակարգը
1.Անձնական դերանուններու հոլովումը
Ասոնք կը հոլովուին հոլովական այն միասնական կաղապարով, որ յատուկ է գոյականներուն, այլ խօսքիվ՝ կը ստանան հոլովական նոյն մասնիկները (տեսնել շարքի 9-րդ յօդուածը):
ben ես sen o biz siz onlar
beni զիս seni onu bizi sizi onları
benim իմ senin onun bizim sizin onların
bana ինծի sana ona bize size onlara
benden ինձմէ senden ondan bizden sizden onlardan
benle ինձմով senle onla bizle sizle onlarla
bende յիս (մէջս) sende onda bizde sizde onlarda
--Ուրեմն հոլովական մասնիկները կը կցուին ներդաշնակութեան՝
ա) բարդ՝ քառափոփոխ կանոնով՝ հայցականը, սեռականը եւ տրականը:
բ) պարզ՝ երկփոփոխ կանոնով՝ բացառականը, գործիականը եւ ներգոյականը:
--Դերանունները չունին գոյականին յատուկ անորոշ հայցականը, ճիշդ ցուցականներուն պէս, եւ տրամաբանական է այս, քանի դերանունը միշտ որոշեալ է իր սեփական դէմքի նշումովն իսկ:
--Այս հոլովներէն սեռականը կցուելով ki անփոփոխ ածանցին, կը ստացուի փոխանուն սեռականը կամ ստացան դերանունը, որ գոյականի արժէք ունի. այսպէս՝
benimki seninki onunki bizimi sizinki onlarınki
իմս քուկդ անորը մերը ձերը անոնցը
Այս ki ածանցը կրնայ անփոփոխ միանալ որեւէ սեռականի եւ բոլորին հետ ալ տալ փոխանուն մը, օրինակ՝
bu-bunun-bununki (այս-ասոր-ասորը)
kitab-kitabın-kitabınki (գիրք-գիրքին-գիրքինը)
Կայ ընդամէնը երկու բացառութիւն, ուր ki կը դառնայ kü.
dün-dünkü (երէկ-երէկուանը) եւ böyün-böyünkü(այսօր-այսօրուանը):
Այս նոյն ածանցը գործիականին հետ կու տայ.
benleki – ինծի հետ եղողը կամ գտնուողը:
Իսկ ներգոյականին հետ կու տայ.
bendeki – որ գտանի յիս, որ կը գտնուի մէջս/քովս/հետս:
Ասոնք ածականական եւ գոյականական արժէք ունին հաւասարապէս. օրինակ՝
bendeki kitab – իմ քովս գտնուող գիրքը՝ ածական,
bendeki bitti − իմ քովս գտնուողը վերջացաւ՝ գոյական:
Այսպէս փոխանունաբար ստացուած բառերը իրենց կարգին հոլովելի են. օրինակ՝
Ուղղ. benimki benimleki bendeki
Հայց. benimkini benimlekini bendekini
Սեռ. benimkinin benimlekinin bendekinin
Տրակ. benimkine benimlekine bendekine
Բաց. benimkinden benimlekinden bendekinden
Գործ. benimkile benimlekile bendekide
Ներգ. benimkide benimlekide bendekide
Ուրեմն այս նոյն ձեւով կը հոլովուին մնացեալ հինգ դերանունները եւս:
Ասոնք բաւական հետաքրքրական կառոյցներ են, որոնք բնաւ խորթ չէին անցած դարու մեր լեզուական բարքերուն: Ըսի՝ խորթ, ոչ ծանօթ, քանի այս բոլորը մատղաշ տարիքէն կ’իւրացնէինք՝ առանց բացարձակապէս ոչ մէկ տեսական գիտելիքի, գիրքի, ուսուցիչի, դպրոցի ու գրասեղանի:
--Առաջին ուղղահայեաց սիւնակը կը թարգմանուի՝ իմս-իմս-իմինիս-իմինիս-իմինէս-իմինովս. ներգոյականը՝ իմինին մէջ/քովը/ հետը: Այսինքն՝ թրքերէնի եօթը յստակ զանազանուող հոլովներուն դիմաց կրցանք դնել հաերէն միայն չորսը, քանի նոյնն են մեր ուղղականն ու հայցականը մէկ կողմէ, սեռականն ու տարականը՝ միւս կողմէ: Իսկ ներգոյական չունինք արդէն եւ պէտք է գոհանալ վերլուծական կառոյցով:
Թրքերէնը շատ հեշտ կը կիրարկէ ներգոյականը, իսկ վերջին բառը՝ bendekide, օժտոած է երկու ներգոյականով. առաջինը ben “ես”-ին կցուած de ներգոյական մասնիկն է, երկրորդը bendeki “իմ քովինս”-ին կցուած de մասնիկն է:
Թող որ, արեւելահայերէնը, որ կը պահէ իր ներգոյական հոլովը, ի վիճակի չէ այսքան ծանրաբեռն կառոյցի համարժէքը տալ:
Երկրորդ եւ երրորդ սիւնակները հայերէն թարգմանելի չեն, գո՛նէ մէկ բառով.
--երկրորդը կը նշանակէ հետս գտնուողին հետ կամ միջոցաւ:
--երրորդ սիւնակը կը նշանակէ մէջս կամ քովս գտնուողին մէջը կամ քովը:
Ասոնց բառացի համարժէքները մեզի ծանօթ լեզուներէն ոչ մէկը ունի:
Հայերէնը, ինչպէս կը տեսնէք, մինչեւ տեղ մը միայն կը յաջողի:
Թրքախօս միջավայրի մէջ աճող սերունդները մատղաշ տարիքէն կ’իւրացնեն ասոնք, եւ կ’իւրացնէինք... մենք եւս. շատ յատկանշական է, որ ինչ որ մայրենի լեզուով կարելի չէր ըսէլ, ապա կարելի էր ըսել թրքերէն:
Բայց ինչո՞ւ զարմանալ. իւրաքանչիւրիս կը պատահի, որ որեւէ օտար լեզուով որեւէ բան՝ բառ, բառակապակցութիւն, դարձուածք եւ այլն գիտնանք, արտասանենք ու կիրարկենք, եւ սակայն անգիտանանք անոր... հայերէնը:
Եւ վերջապէս... ասոնց յոգնակիները, որոնք իրենց կարգին կը հոլովուին:
benimkiler benimlekiler bendekiler
իմիններս ... ...
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com