Թրքերէնի բայական համակարգը
1. Անձնական դերանուններ
Թրքերէնը կը պատկանի լեզուներու այն խումբին, որ ունի անձնական դերանուններու մէկ-միասնական օժիտ մը, որ չի զանազաներ անձը եւ իրը, ինչպէս նաեւ արականն ու իգականը: Ինչպէս է նաեւ հայերէնը:
ben sen o/kendi biz siz onlar/kendiler
ես դուն ան/ինք մենք դուք անոնք/իրենք
Այս երկու յարացոյցները, որոնք պատմական ոչ մէկ առնչութիւն կամ շփում ունեցած են, կը ներկայացնեն զարմանալի հանգիտութիւններ՝ նմանութիւներ:
--երկուքն ալ օժտուած են գ. դէմքի զոյգ անդամներով՝ եզակի թէ յոգնակի:
--եզակի գ. դէմքերը՝ օ եւ ան, հաւասարապէս յառաջացած են ցուցական դերանունէ կամ թէ միաժամանակ ցուցական դերանուն են:
Յիշենք. ա) թրքերէնը՝ bu-şu-o, բ) հայերէնը՝ աս-ադ-ան:
Յատկանշական է, որ պարագան եղած է նոյնը մեր գրաբարին եւս, ուր անձնական դերանունի եզակի գ. դէմը՝ նա, կը նոյնանայ ցուցական դերանուան համապատասխան դէմքով՝ սա-դա-նա:
Մեր աշխարհաբարը պահած է գրաբարի սկզբունքով յառաջացած ան-ը: Արեւելահայերէնը չունի այս վերջինը, ուստի պահած է գրաբարեանը՝ նա:
Ուրեմն գրաբար՝ նա սիրեաց, արեւելահ.՝ նա սիրեց, արեւմտահ.՝ան սիրեց:
--Ինքնուրոյն են թրքերէնի ու աշխարհաբարի երկրորդ դերանունները՝ kendi եւ ինք:
Եթէ հայերէնի ան դերանունի երեւումը աշխարհաբարի մէջ կը զուգադիպի թրքերէնի հետ շփումներուն, ապա ինք(ն)-ը ուղիղ ժառանգուած է գրաբարէն եւ անոր ծագումը պէտք է թաղուած ըլլայ հազարամեակներու խորքը:
Իր ժամանակին գրաբարը եղած է այն հազուագիւտ լեզուն, որ երրորդ դէմքին համար ստեղծած է երկու տարբեր բառաձեւեր՝ նա եւ ինք(ն):
--Գալով գ. դէմքի յոգնակի onlar եւ անոնք ձեւերուն, երկուքն ալ կազմուած են եզակիի վրայ գումարելով սովորական յոգնակերտ մասնիկներ, որոնք յատուկ են երկու լեզուներուն. թրքերէնի պարագային lar/ler մասնիկն է ան, որ կը յոգնականացնէ գոյականները եւս, ինչպէս՝ baş-başlar “գլուխ-գլուխներ”, ev-evler “տուն-տուներ”, հայերէնը իր կարգին օգտագործած է անուանական յոգնակերտ մը, որ յատուկ էր վաղ աշխարհաբարին՝ առանց կենսունակ ըլլալու՝ան-անոնք, ընդ որում նաեւ՝ աս-ասոնք, մենք-մերոնք, խնամին-խնամոնք, պապը-պապոնք:
Թրքերէնի kendiler յոգնակին իր կարգին կազմուած է առաջինին սկզբունքով՝ ler մասնիկի յաւելումով եզակիին վրայ՝ o-onlar եւ kendi-kendiler, իսկ հայերէնի իրենք-ը, որ նմանապէս ժառանգուած է գրաբարէն, ստացուած է իւրեանք-ի պատմական հնչիւնափոխութեամբ, որ տուած է իրենք: Իսկ իւրեանք-ը կազմուած էր իւր-ին վրայ աւելցնելով եանք յոգնակերտը, որ անուանական է միաժամանակ. բաղդատել՝ գիր-գրեան-գրեանք: Նոյն կաղապարը ունէր ինքն-ինքեանք-ը:
Այլ խօսքով՝ ահաւասիկ երկու բոլորովին ինքնուրոյն լեզուներ, որոնք շփման որեւէ եզր չեն ունեցած, միւս կողմէ՝ օգտագործած են ձեւաբանական նոյնատիպ միջոցներ, որ է՝ եզակի դերանունէն յոգնակին կերտելու հնարքը:
Արդի լեզուներէն ֆրանսերէնն ալ դերանունին յոգնակին կը կազմէ եզակիին կցելով անուանական յոգնակերտ մը, ինչպէս՝ il-ils, elle-elles: Ուրիշներ ինքնուրոյն են, ինչպէս անգլերէնը՝ հe, she, it եւ they: Միջին տեղ մը կը գրաւէ իտալերէնը՝ lei-lorօ: Բոլորովին ուրիշ է,-- եւ զարմանալի,-- լատիներէնի պարագան. այս լեզուն գ. դէմքի դերանուն չունի. ան կը գոհանայ բային ունեցած դիմային մասնիկով. օրինակ հոն ուր մենք կ’ըսենք ան կ’աշխատի, լատիներէնը կ’ըսէ laborat, որ է կ’աշխատի, այսինքն պէտք չի տեսներ, չէ տեսած բնաւ, այլեւ չի կրնար բային վրայ դերանուն մը աւելցնել իբրեւ ենթակայ. այդ դերանուն-ենթական պարզապէս կը գուշակուի խօսքին ընդհանուր բովանդակութենէն:
2. Kendi-kendiler եւ ինք-իրենք տարբերակներու շարահիւսական արժէքը
Լեզուն ոչ մէկ անօգուտ կամ աննպատակ տարր կը ստեղծէ. անօգուտ ու աննպատակ չէ նաեւ ինքն-ինքեանք-ի յառաջացումը գրաբարի մէջ նա-ին կողքին. նոյնը պէտք է ըսել աշխարհաբարի ինք-իրենք-ի մասին,--որ հասարակաց է արեւելեանին ու արեւմտեանին,-- այլեւ թրքերէնի kendi-kendiler-ի:
Ասոնք ունին իրենց շարահիւսական, այն է՝ խօսքի կազմութեան, արժէքը, որ է մասնաւորաբար ենթակայի շեշտաւորումը, ասով ալ՝ խօսքի սաստկական երանգը:
Օրինակը հիմնենք աշխարհաբարի վրայ. բաղդատել՝
--Ան պատմեց այս բոլորը:
--Ինք պատմեց այս բոլորը:
Հայեցի մտածողութիւն ունեցողը իսկոյն կ’անդրադառնայ, որ ասոնք նոյն հաղորդումը չեն. երկրորդով յատուկ շեշտուած է պատմողին ինքնութիւնը, եւ հայը յատուկ շեշտով ալ կ’արտասանէ ինք-ը՝ ան օժտուած ըլլայ կամ ոչ նիւթական շեշտով մը:
Ինք-ը ունի տակաւին բացառումի յատկութիւնը եւս. օրինակ՝
-- Ան գիտէ իր ըրածը...
--Ինք գիտէ իր ըրածը:
Առաջինով ինչ-որ գիտելիք մը կը վերագրուի անոր: Մինչդեռ երկրորդը կը բացառէ զայն. անոր կը վերագրէ գիտելիք մը, որ ուրիշը չի կրնար ունենալ:
Տակաւին քայլ մը եւս առաջ տանելով շեշտումի պահանջը՝ ինքը կը կապենք գոյական ենթակայի ու կ’ըսենք՝
--Թորոսը ինք պատմեց այս բոլորը:
Մինչդեռ չենք ըսեր, չ’ըսուիր՝
--Թորոսը ան պատմեց այս բոլորը:
Եւ վերջապէս թրքերէնն ու հայերէնը հաւասարապէս ի վիճակի են այս կառոյցը օժտելու դիմային կարգով՝ եզակի եւ յոգնակի.
kendim kendin kendi(si) kendimiz kendiniz kendiler
ինքս ինքդ ինք(ը) ինքներս իճքներդ ինքները
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com