Այլեւս պարզ է բոլորին համար, որ Սուրիայէն հեռացող հայերուն կարեւոր մէկ տոկոսին ՎԵՐՋԻՆ ԿԱՅՔԸ Գանատան է։ Հիւսիսային Ամերիկայի այս ընդարձակածաւալ երկիրը հրապուրիչ մագնիս մը դարձած է սուրիահայերուն համար, մանաւանդ որ գանատական կառավարութիւնը ներգաղթի քաջալերական դիւրութիւններ կ՛ընծայէ դիմորդներուն…։
Գանատայի հողին վրայ կոխող մեր հայ տարագիրները ի՞նչ կ՛ընեն, ո՞վ կը զբաղի իրենցմով, ո՞վ կ՛օժանդակէ իրենց։ Այս կարեւոր հարցումներուն պատասխան մը կու տայ գանատահայ համայնքի մտաւորական դէմքերէն տոքթ. Կարպիս Հարպոյեան՝ «Ազդակ»ի վերջին թիւին մէջ տպուած հարցազրոյցի մը ընթացքին։
Տոքթ. Հարպոյեան նախկին լիբանանահայ մըն է, որ այս օրերուն այցելութիւն մը կուտայ Պէյրութ, ուր, այսօր՝ Ուրբաթ 26 Փետրուարին, տեղի կ՛ունենայ իր նորատիպ երկու գիրքերուն («Բժիշկին Գ. խօսքը» եւ «Բժիշկին Դ. խօսքը») շնորհանդէսը, Լիբանանահայ Բժշկական Միութեան եւ «Ազդակ» օրաթերթի միացեալ նախաձեռնութեամբ։
«Ազդակ»ի թղթակիցը հարց տուած է տոքթ. Հարպոյեանին, թէ ի՞նչ վիճակ կը պարզեն Մոնրէալ հասած սուրիահայ գաղթականները։ Եւ ահա՛ բժիշկին պատասխանը.
- «Գանատայի կառավարութիւնը, դժբախտաբար թէ բարեբախտաբար, որոշում տուաւ ընդունիլ որոշ թիւով գաղթականներ: Այստեղ կարելի չէ մեղադրել ո՛չ մնացողը, ո՛չ ալ հեռացողը Սուրիայէն: Մենք ալ գիտենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ապրիլ պատերազմական պայմաններ, դժուար ու մութ օրեր: Որոշումը բարեբախտութիւն է անոնց համար՝ որոնք ձգեցին ու դուրս եկան Սուրիայէն, որոշ չափով իրենց ցաւին լուծում մը տալու, իսկ դժբախտութիւն` Սուրիոյ գաղութը պարպուելուն համար... Մաղթենք, որ այս հոսքը դէպի Գանատա շուտով դադրի: Այսօր Գանատա հասնողները մեծ թիւ կը կազմեն:
Մինչեւ Լիբանան գալս՝ ընդունեցինք 180 սուրիացի աշակերտներ: Ստիպուած եղանք ստեղծելու ութը նոր դասարան՝ մէկուկէս տարուան ընթացքին: Եկողները ո՛չ մէկ բառ ֆրանսերէն գիտեն, իսկ շատ քիչերը գիտեն անգլերէն: Եւ որովհետեւ Քէպէքի պաշտօնական լեզուն ֆրանսերէնն է, անպայման բոլորը պէտք է ֆրանսերէն սորվին: Ասոր համար ալ մասնաւոր դասարաններ ստեղծուեցան, մասնաւոր ուսուցիչներ յատկացուեցան, որպէսզի 6 ամիսէն մէկ տարի՝ եկողները կարենան ֆրանսերէն լեզուն իւրացնել:
Դպրոցը նեղ կացութեան սկսաւ մատնուիլ, որովհետեւ հսկայ ծախս է գաղութին համար, դպրոցին համար: Սովորաբար մեր քով դպրոցի ծախսին կէսը ծնողները կը հոգան, միւս կէսն ալ` կառավարութիւնը: Սուրիահայերուն պարագային, որոշում տրուեցաւ, որ անոնցմէ պիտի չգանձուի, եւ ծախսը պիտի հոգայ դպրոցը: Տեսէ՛ք, իւրաքանչիւր դասարանի տարուան մը ծախսը կը կազմէ 170 հազար տոլար. երեւակայեցէք ինչքան ծախսի տակ յայտնուեցաւ գաղութը: Բարեբախտաբար եկողներուն մեծամասնութիւնը հայկական դպրոցներ մտաւ: Դպրոցները ձրի ըլլալուն ալ նպատակը այն էր, որ սուրիացի հայ աշակերտները օտար վարժարաններ չյաճախեն: Կրնամ ըսել, որ Գանատայի հայ գաղութը մեծ ճնշումի տակ է: Եկողները հազիւ օդակայան կ՛իջնեն, կը դիմաւորուին «Հայ Տուն» կեդրոնին Կեդրոնական Մարմինի անդամներուն կողմէ. այս կեդրոնը կը գտնուի Էջմիածնական թեմի առաջնորդարանին մէջ: Մեր համայնքը կուսակցութիւններով, ընկերային ծառայողներով, համայնքային մարմիններով, միութիւններով միակամ ու միաբերան աշխատանք կը տանի առաւելագոյն չափով օգտակար դառնալու ընտանիքներուն: Մարմինի անդամները նոր հասած ընտանիքը տեղաւորելու աշխատանք կը տանին: Եթէ զաւակներ ունի, դպրոցի հարցը կը լուծեն, գործի զանազան առաջարկ կը ներկայացնեն: Բաւական լաւ երեւոյթ մըն ալ կայ. եկող պատանիները եւ երիտասարդները համախմբուած են Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի եւ մշակութային կազմակերպութիւններուն շուրջ. կ՛ուզեն հայկական կեդրոններուն մէջ ժամանակ անցընել ու իրենց մասնակցութիւնը բերել աշխատանքներուն, ինչ որ յոյժ քաջալերելի է: Նշեմ նաեւ, որ Գանատա հասնողներուն մէջ կայ տոկոս մըն ալ, որ միշտ դժգոհ է: Սուրիահայերուն մէկ մասը Թորոնթօ կու գան, բայց որովհետեւ հոն կեանքը համեմատաբար սուղ է, կը փոխադրուին Մոնրէալ: Մոնրէալի գաղութը բոլոր միջոցներով օգտակար դառնալու աշխատանքին լծուած է: Ամէն հայ ընտանիք իր բաժինը կը բերէ այս աշխատանքին: Կան հայ հաստատութիւններ, որոնք որոշ թիւով սուրիահայերու գործ հայթայթեցին իրենց քով: Կը ճանչնամ կահ կարասիներու հաստատութիւն մը, որ 20 սուրիացի հայ երիտասարդ առաւ աշխատանքի, այլ հաստատութիւններ՝ 8-9 պաշտօնեայ: Ոմանք անձամբ կրցան գործ գտնել: Եկողները ստիպուած են եւ առանց տատամսելու ինչ գործ որ գտնեն, կ՛աշխատին անպատճառ»:
* * *
Ի՜նչ ըսել։ Տեղաշարժը Սփիւռքի ճակատագիրն է երեւի։
Գաղութ մը կը նօսրանայ, կը դատարկուի, ուրիշ մը՝ կ՛ուռճանայ, նոր արիւն կը ստանայ։ Բայց այս բոլորին դիմաց՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակ կը զրկուի սահմանակից ու մերձաւոր երկիրներու իր արիւնակիցներէն…