Օրերս Գանատահայ լուսանկարիչ՝ Հրայր Բազէ Խաչերեան իր նորատիպ «Աղթամար» գիրքը ներկայացուց՝ Պիքֆայայի Դպրեվանքէն ներս: Գիրքը որ կը պատմէ Աղթամար կղզիին վրայ կառուցուած Ս. Խաչ եկեղեցական համալիրին մասին, կը համարուի ազգային եւ հոգեւոր ժառանգութիւններուն պահպանման աշխատանք մը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք տեղեկատւութիւնը որ «Արեւելք» քաղեց Դպրեվանք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիմատետրեան էջէն:
Ուրբաթ, 14 Մարտ 2025-ին, Դպրեվանքի Տեսչական կազմին տնօրինութեամբ եւ ուսանողական խորհուրդի կազմակերպութեամբ, Դպրեվանք հրաւիրուեցաւ Գանատաբնակ հանրածանօթ լուսանկարիչ Հրայր Բազէ Խաչերեան:
Ան ներկայացուց 1997-ին սկսած եւ 2024-ին աւարտած իր նորատիպ «Աղթամար» գիրքը, որուն մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուած է Աղթամար կղզիին վրայ կառուցուած Ս. Խաչ եկեղեցական համալիրը։ Հեղինակ լուսանկարիչը կարեւորեց այս աշխատանքը ըսելով, որ այս գիրքը աւելի ամբողջական աշխատանք մըն է քան նախորդ գիտական աշխատութիւնները, որովհետեւ տուեալները թարմացուած են եւ առաւել շեշտադրում կատարուած է հոգեւոր արժէքին վրայ։
Աւարտին, Դպրեվանքի Տեսուչ Գերպ. Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեան, փակման խօսքով հանդէս եկաւ եւ շնորհաւորեց Հրայր Բազէն իր տարած նուիրական աշխատանքին համար։ Տեսուչ Հայր Սուրբը վեր առաւ այն իրականութիւնը, թէ հեղինակը ինքզինք նուիրած է ազգային եւ հոգեւոր ժառանգութիւններու պահպանման, ինչ որ կը ներշնչէ մեզ եւս, որպէսզի մեր կարգին նման նուիրուածութիւն ցուցաբերենք մեր կոչումին եւ աշխատանքներուն մէջ։
Յայտնենք նաեւ, որ գիրքին մէջ կատարուած ելեկտրոնային բոլոր գծագրութիւններուն հեղինակն է Լիլիթ Խաչատրեանը, որ կը վայելէ «Աղթամար» գիրքին համահեղինակութիւնը։