image

Գանատահայ Արիս Պապիկեան Օնթարիոյ նահանգի Scarborough Agincourt շրջանի երեսփոխան

Գանատահայ Արիս Պապիկեան Օնթարիոյ նահանգի Scarborough Agincourt շրջանի երեսփոխան

Գանատահայ մեր հայրենակից Արիս Պապիկեան փայլուն յաղթանակ մը գրանցելով վերընտրուած է Գանատայի Խորհրդարանի անդամ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Թորոնթոյի իր աղբիւրէն։

Կը նշուի, որ «Պահպանողական» կուսակցութեան ցուցակով առաջադրուած Արիս Պապիկեան գրանցած է փայլուն արդիւնք հաւաքելով 13,468 քուէ եւ ստանալով քուէներուն 49.2 տոկոսը։ 

Կը նշուի նաեւ, որ մեծ ուրախութեամբ ընկալուած է վերջինիս ընտրութիւնը, ոչ միայն հայկական համայնքին ու շրջանակներուն, այլ նաեւ շրջանի տարբեր համայնքներու եւ հաւաքականութիւններու կողմէ։

Մեր հայրենակիցին աւանդը մեծ է գանատահայ գաղութի կեանքին մէջ եւ ան տարբեր ժամանակներու մասնակցութիւն բերած է համայնքային կեանքի տարբեր մակարդակներու գործունէութեանց մէջ։

Նորանոր յաջողութիւններ Տիար Արիս Պապիկեանին։