Գանատայի Արեւմտեան Շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ Յակոբ Տէր Յակոբեան պարգեւատրուած է Անգլիոյ Չարլզ Գ. արքայի թագադրութեան մետալով։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւններ քաղեց Գանատայի «Հորիզոն» պարբերականէն, որուն կողմէ ալ տարածուած լրատւութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Փետրուար 27-ին, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան Շրջանի երկարամեայ նուիրեալ գործիչ Յակոբ Տէր Յակոբեան Վանգուվըրի մէջ հանդիսութեան մը ընթացքին պարգեւատրուեցաւ Անգլիոյ Չարլզ Գ. արքայի թագադրութեան մետալով։
Յակոբ Տէր Յակոբեան իր երկար տարիներու ծառայութեամբ ու անխոնջ աշխատանքով մեծ ներդրում ունեցած է Վանգուվըրի հայ համայնքի եւ գանատական տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ։
Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին , պարգեւը Տէր Յակոբեանին յանձնեց Գանատայի կառավարութեան անունով՝ Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր եւ աղաքացիութեան նախարար Թերի Պիչը։