image

Եմէնի «Անսար Ալլահ» շարժումը հրթիռ արձակած է Իսրայէլի ուղղութեամբ

Եմէնի «Անսար Ալլահ» շարժումը հրթիռ արձակած է Իսրայէլի ուղղութեամբ

Եմէնի «Անսար Ալլահ» շարժումը հրթիռ արձակած է Իսրայէլի ուղղութեամբ։ Երկրին մէջ տագնապի ազդանշաններ հնչած են: ՑԱՀԱԼ-ի (Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակ) տուեալով՝ գործարկուած է Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը: 

Հուսիները հաստատած են Պիէր Շեւա քաղաքի «զգայուն» կառոյցի թիրախաւորումը։ «Անսար Ալլահ» շարժումը նախազգուշացուցած է, որ պիտի շարունակեն հարուածները, քանի դեռ Իսրայէլ չէ դադրեցուցած պաղեստինցիներու սպաննութիւնը եւ Կազայի շրջափակումը: 

Տանըլտ Թրամփն ալ, անդրադառնալով Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի միջեւ հնարաւոր հրադադարին, յայտարարած է, որ կը կարծէ, որ յաջորդ շաբաթ կողմերը կրնան հասնիլ հրադադարի: Այլ մանրամասնութիւններ Միացեալ Նահանգներու նախագահը չէ յայտնած: