image

Գահիրէ. Փակուած է «Աթէնքի հին թերթեր»ը , քաղաքի ամենահին գրատունը (Լուսանկարներ)

Գահիրէ. Փակուած է «Աթէնքի հին թերթեր»ը , քաղաքի ամենահին գրատունը (Լուսանկարներ)

Նիքոլա Մոտոնասի  ընտանիքի  ամբողջ  4 սերունդ տնօրինած է գրախանութը: Իսկ վերջին սեփականատէրը՝ Նիքոլա 50 տարիէն աւելի աշխատած  է   այդ գրատան մէջ։ Ան սիրով եւ նուիրումով իր ընթերցողներուն տրամադրած է աշխարհի չորս ծագերէն Գահիրէ հասնող եւ այլ վայրերու մէջ անգնտանելի համարուող  տասնեակ թերթեր ու հաւաքածոներ։

Գահիրէի մէջ փակուած է ամէնէն հին լրագրական գրախանութներէն մէկը՝ «Աթէնքի հին թերթեր»: «Արեւելք» այս մասին կը տեղեկանայ համացանցէն:

Ըստ աղբիւրներուն՝ գրախանութի վարձակալը՝ ծագումով յոյն Նիքոլա Մոտոնաս բաւական երկար ատենէ մէջտեղ չկայ, նոյնիսկ որեւէ տեղեկութիւն չկայ իր մասին,   հետեւաբար վարձակալութեան իրաւական ժամկէտը լրանալու պատճառով,  Եգիպտոսի անշարժ գոյքի ղեկավարման գործակալութիւնը արտօնութիւնը ստացած է կոտրելու  կղպանքները  ու դատարկելու   գրատունը։ 

Տեղեկութիւններուն համաձայն՝ գործակալութեան աշխատակիցները պիտի հաւաքեն գրախանութի պարունակութիւնը եւ տանին գործակալութեան պահեստանոցը: Յոյս կայ, որ այդ պարունակութիւնը տրամադրուի այնպիտի կողմի, որ գնահատէ այդ թերթերու պատմական արժէքն ու կարեւորութիւնը:  

Նշենք, որ գրախանութը հիմնուած է 1895-ին: Այն այժմ կը գտնուի Գահիրէի կեդրոնը: Այնտեղ կը հասնէին այն ժամանակուայ նշանաւոր թերթերը աշխարհի չորս կողմերէն: Գրախանութին մէջ մնացած են 1929-էն տպուած թերթեր, որոնք իսկական գանձեր կը համարուին, գունաւոր հին տպագրութիւններ, որ  այդ ժամանակուայ կտրուածքով  տպագրութեան  մէջ կը համարուէին «յեղափոխութիւն»։Կան նաեւ նորաձեւութեան, մանկական եւ այլ պարբերաթերթեր եւ պատմութեան գիրքեր:

Հաստատ շատ ցաւալի պիտի ըլլայ տեսնել շրջանին յայտնի դարձած գրախանութի ցուցանակի վար առնուիլը, որ տասնամեակներ այնտեղ մնացած է, եւ փոխարէնը, թերեւս օր մը, տեղադրուի ճաշարանի մը կամ սրճարանի մը ցուցանակը: 

 

Լուրը «Արեւելք»ի համար պատրաստեց՝ Թ. Գասպարեան