Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ժամանած է Նիւ Եորք, ուր պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի միջոցառումներուն: Այս մասին յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն։
Նախատեսուած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի այցը ՄԱԿ պիտի տեւէ յունուար 22-էն 24-ը։ Ան պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի եռամսեակային բաց բանավէճերուն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակի, այդ շարքին՝ պաղեստինեան հարցի շուրջ, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ ուքրանական հարցով Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին։
Աւելի վաղ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքովը լրագրողներուն յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ որեւէ շփում Լաւրով չի նախատեսեր։
Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը վերջին անգամ Նիւ Եորք այցելած էր անցեալ տարուան սեպտեմբերին՝ մասնակցելու ՄԱԿ-ի Ընդհանուր վեհաժողովի բարձր մակարդակի շաբթուան։