Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հռոմի մէջ տեղի ունեցող Մեծ քսանեակի (G20) գագաթաժողովի ծիրէն ներս 30 Հոկտեմբերին հանդիպումներ ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի հետ:
Կ'ակնկալուին նաեւ Լաւրովի հանդիպումները ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագրի տնօրէն Տէյվիտ Պիզլիի եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Կեպրըյեսուսի հետ: