«Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ քննարկած ենք Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները»,- գրած է ան Twitter-ի իր էջին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարն ըսած է, որ Անգարան նպատակ ունի զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ հասնիլ նախահամավարակային ցուցանիշներու:
Չաւուշօղլուն յիշեցուցած է նաեւ, որ չորեքշաբթի օր թրքական Մերսին նահանգին մէջ տեղի ունեցած է «Ակույու» կորիզային կեդրոնի թիւ 3 մասնաբաժնի (պլոքի) կառուցման մեկնարկի արարողութիւնը: «Թող այն արժանիօրէն ծառայէ մեր ազգին»,- աւելցուցած է ան: