Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Քալուզին եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու ուղիները։
Այս մասին ըսուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
«Կայացած է միտքերու հանգամանալից փոխանակում Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու ուղիներու շուրջ։
Երկուստեք շահագրգռուածութիւն արտայայտուած է երկու երկիրներու մօտեցումներու սերտ համակարգումը շարունակելու համար, ներառեալ՝ «3+3» խորհրդատուական տարածաշրջանային հարթակի ծիրէն ներս»,- նշած են նախարարութենէն։