Լաթաքիահայ (Բնիկ Մուսալեռցի) եւ վերջերս Երեւան հաստատուած Տօքթ. Նորայր Մանճեան կը գրէ՝
Անցեալ դարու 60-կաններուն, Լաթաքիոյ քաղաքի եւ շրջանի հայաբնակ գիւղերուն մէջ, պատրաստութիւններ կը կատարուէր, դիմաւորելու Հայաստանէն ժամանած, բանաստեղծուհի՝ Սիլվա Կապուտիկեան
Հադիպումը բանաստեղծուհիին հետ տեղի պիտի ունենար Լաթաքիոյ քաղաքի Մշակութային կեդրոնի շքեղ հանդիսասրահին մէջ:
Սրահը տեղ չէր մնացած նստելու, ժողովուրդի մէկ մասը դուրսի դրան կանգնած էին ու հեռուէն պիտի լսէին ու մասնակցէին այս պատմական հանդիպումին։
Հանդիպումը համազգային էր, բայց նախաձեռնուած էր ՀԲԸՄ-ի հրաւէրով:
Խորհրդային Միութեան «երկաթէ վարագոյր»ը,այլեւս երկաթէ չէր, բայց մետաքսէ ալ չէր:
Հանդէսին ներկայ էին Լաթաքիոյ ողջ հայութիւնը, առաջին անգամն էր այսպիսի հանդիպում մը կը կայանար: Քահանայ հայրեր, թաղականութեան անդամներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին անշուշտ ՀՅԴ-ի անդամներ ու համակիրներ:
Բեմ բարձրացաւ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեան, բուռն ծափահարութիւններու ձայնը կը վկայէր ներկաներու սէրն ու հայրենասիրութիւնը:
Բանաստեղծուհին արտասանեց «Խօսք իմ որդուն»ը, ուրախութեան արցունքներ լեցուեցան ներկաներուն աչքերը:
Բանաստեղծուհիին արտօնուած էր միայն ՀԲԸՄ-ականներուն հետ շփուիլ:
Ներկաներէն մի ոմն ոտքի կանգնեցաւ ու բարձրացայն ըսաւ «ինչու մէկ աչքով կը նայիս», իմաստը պարզ էր, եւ ըսողը իրաւացի էր: Կ'ուզէին Սիլվան բոլորին ըլլար:
Ան լսեց ու չպատասխանեց, բայց մտքին մէջ հաստատ ըսաւ սրտին սիրոյ ու միաբանութեան խօսքը:
Սիլվա Կապուտիկեան ծափահարութիւններով բաժնուեցաւ եւ գնաց Դամասկոս։
Այդ տարի եւ յաջորդ տարին, Լաթաքիա ինչքան աղջիկներ ծնան բոլորը իրենց ծնողներու կողմէ անուանուեցան Սիլվա: Ես անձամբ կը յիշեմ անոնցմէ տասը հոգի:
Անցան տարիներ եւ օր մը Երեւանի մէջ ՀՀ Արտաքին նախարարութեան շէնքը կը բարձրանայի, դիմացս ելաւ բանաստեղծուհին, ժպտալով բարեւեցի առանց մօտենալու, եւ որու համար կը զղջամ:
Այս օրերուն բանաստեղծուհիին ծննդեան 103 ամեակն է:
Սիրելի Ամենայն Հայոց բանաստեղծուհի դուն կաս ու կը մնաս ամէն մէկ հայու սրտին ու հոգիի մէջ:
Ծնունդդ Շնորհաւոր: