Լաթաքիոյ մէջ մահացած է համայնքի յարգուած անդամներէն՝ Մուշեղ-Նժդեհ Մանճեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
Նշենք, որ Մանճեան աւագ եղբայրն է թերթիս բարեկամներէն՝ Տօքթ. Նորայր Մանճեանի եւ այս տխուր առթիւ ցաւակցելէ անդին լոյսին կուտանք մեր հայրենակիցին վշտակիր տողերը։
Տօքթ. Նորայր Մանճեան կը գրէ՝
Մարդ ,ամէն վարկեան , ենթակայ է աշխարհէն, յաւիտեան հեռանալու ,բայց երբե՛ք չի հաշտուիր,այս իրականութեան հետ :
Ուր մնաց եթէ,այդ հեռացողը,եղբայր է,կամ քոյր,կամ կողակից,կամ ալ զաւակկամ հարազատ ու բարեկամ։Ծնած ենք,ապրելու,կեանքի համար,գոյատեւման համար,պայքարելու եւ գործելու:
Այս է,իրողութիւնը ,նպատակն ու իմաստը ,սկիզբը եւ վախճանը Իրականութիւն մը,որ բոլորը կը գիտակցին ։Դժուար իրողութիւն,որու հետ հաշտուիլը դիւրին չէ։ Հարազատ եղբայրս էր,այսօր ճամբորդ։ Մահուան գոյժը , ծանր է: Ծնաւ Լաթաքիա,ապրեցաւ ,մկրտուեցաւ Նժդեհ անունով, ու մնաց քաջ ու նուիրական իր անուան նման: Լաթաքիոյ Ամերիկեան գոլէճը ուսանեցաւ ու ստացաւ վկայական:Լաթաքիոյ ՀՄԸՄ ի , մարզադաշտի, սենեակի մէջ կը մարզուէր ,բռնցքամարտ:Անվախ էր , քաջօրէն կը կատարէր իր պարտականութիւնը: Ան անպայման կը մասնակցէր իւրաքանչիւր Լաթաքիացի հայու թաղման արարողութեան։ Սիրեց ծանր արհեստ որը կըպահանջէր ,ուժ : Երկաթը կը կակուղնար իր ձեռքին մէջ։ Ամուսնացաւ ու կազմեց ընտանիք,ու իր կողակիցին հետ ,դաստիարակեցին եւ ուսման ուղիին դրին ,զաւակները։ Իր երկու որդիները,սիրեցին իրենց հօր արհեստը եւ զարգացուցին զայն : Կորուստը ու վիշտը մեծ է։ Հանգիստ ու խաղաղ ննջէ սիրել եղբայրս Մուշեղ-Նժդեհ։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի
Լոյս հոգիիդ :
Քեզ երկար ու յաւիտեան պիտի յիշենք:
Սգակիր եղբայրդ