Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան նստավայր Անթիլիասի մէջ կը շարունակուին յառաջիկայ 1 Յուլիսին տեղի ունենալիք Սուրբ Միւռօնօրհնէքի պատրաստութեան աշխատանքները։
Զուգահեռ կը կատարուին նաեւ կարեւոր նուիրատւութիւններ հաշուի առնելով Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական ծանր դրութիւնը։Այս ծիրին մէջ Արեւմտեան Թեմը գլխաւորութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեանի կարեւոր աշխատանք կը կատարէ եւ մեծ ճիգեր ի գործ դնելով կը նպաստէ այդ օժանդակութիւնները տեղ հասցընելու տեսակէտէն։
Նոյն ծիրին մէջ օրերս Առաջնորդարանի դիմատետրի էջէն վերահասու կը դառնանք, թէ ամերիկահայ Յովսէփ եւ Էլօ Պոյաճեանները երեւելի նուիրատւութեամբ մը հանդէս եկած են։
Աղբիւրը մասնաւորապէս կը գրէ՝
Երեքշաբթի, 14 Յունիս 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բարերարներէն եւ Հայրապետական Աթոռոյ հոգեւոր զաւակներ՝ Տէր եւ Տիկին Յովսէփ եւ Էլօ Պոյաճեաններ, հեռաձայնային զրոյց մը ունեցան Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ եւ խնդրամատոյց եղան անոր, որ Վեհափառ Հայրապետին փոխանցէ, թէ՝ որպէս ուխտաւորի մէկ ժեսթ, պատրաստակամութիւն կը յայտնեն հովանաւորելու յառաջիկայ 1 Յուլիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ՝ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս կատարուելիք Միւռոնօրհնէքի կազմակերպական բոլոր ծախսերը:
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին բարձր գնահատեց ուխտաւոր բարերարներուն զօրակցական ներկայ ժեսթը՝ մաղթելով, որ Բարձրեալն Աստուած Իր երկնային օրհնութիւններով լեցընէ իրենց եւ իրենց զաւակներուն կեանքերը: