image

Կը խոստանանք տեսնել «այլ Կազա». Նաթանիահուն յայտարարած է ՀԱՄԱՍ-ի հետ պատերազմի 3-րդ փուլի մեկնարկի մասին

Կը խոստանանք տեսնել «այլ Կազա». Նաթանիահուն յայտարարած է ՀԱՄԱՍ-ի հետ պատերազմի 3-րդ փուլի մեկնարկի մասին

Իսրայէլը մտած է Կազայի հատուածին մէջ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման դէմ պատերազմի երրորդ փուլը, յայտարարած է վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն։ Այս փուլը կ՚ենթադրէ ցամաքային ռազմական գործողութեան ընդլայնում, գրած է kommersant.ru-ն:

«Մենք պատերազմի մէջ ենք:Մենք մեր առջեւ յստակ նպատակ դրած ենք՝ ոչնչացնել ՀԱՄԱՍ-ի ռազմական եւ վարչական ներուժը։ Մենք այդ կ՚ընենք համակարգուած: Նախնական արգելափակման փուլն աւարտած է: Երկրորդ փուլը անընդհատ շարունակուող օդային յարձակումներն են։ Երրորդ փուլը Կազայի հատուած ցամաքային ներթափանցման ընդլայնումն է»,- ըսուած է Իսրայէլի վարչապետի յայտարարութեան մէջ։

Անկլաւին մէջ ցամաքային գործողութեան նպատակներու շարքին է պատանդներու ազատ արձակումը։ Նաթանիահուն խոստացած է, որ ՀԱՄԱՍ-ը, ի վերջոյ, «կը տապալի եւ կը պարտուի», եւ որ «այլ Կազա կը տեսնեն»:

Միաժամանակ, Իսրայէլի վարչապետը նախազգուշացուցած է լիբանանեան «Հըզպալլա» խմբաւորման հիւսիսէն յարձակումէ։ Այդ պարագային, անոր խօսքով, շարժումը «կեանքի սխալը» կը գործէ։

«Դուք կը ստանաք այնպիսի հարուած, որը չէք ալ կրնար պատկերացնել», - աւելցուցած է ան: