Լեմքինի Ցեղասպանութեան կանխարգելման հիմնարկն անդրադարձած է Հայաստանի մէջ սկիզբ առած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման բողոքի գործողութիւններուն՝ յայտարարելով, որ կ՚աջակցի խաղաղ բողոքի ցոյց ընելու իրաւունքին:
«Մենք կը դիմենք Հայաստանի կառավարութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի միւս բոլոր կառավարութիւններուն՝ ցուցաբերելու զսպուածութիւն եւ յարգելու մարդոց՝ իրենց անհամաձայնութիւնն արտայայտելու հիմնարար իրաւունքը», - X-ի էջին գրած է կազմակերպութիւնը:
Լեմքինի հիմնարկը, վկայակոչելով ՀՀ ոստիկանութեան տուեալները, նշած է, որ ձերբակալուած է առնուազն 88 մարդ, որոնք փորձած են փակել փողոցները երկրի մայրաքաղաքին մէջ՝ ի նշան բողոքի Ատրպէյճանին հողեր զիջելու կառավարութեան ծրագրերու դէմ։
Աղբիւրը յիշեցուցած է, որ ցուցարարները վրդոված են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ անցեալ ամիս կայացուցած որոշումէն՝ քանի մը սահմանամերձ գիւղ Ատրպէյճանին յանձնելու վերաբերեալ։ Որոշումը զայրացուցած է Հայաստանի մէջ շատերը, եւ խորհրդարանէն ներս ընդդիմութիւնն ըսած է, որ պիտի փորձէ Փաշինեանի դէմ պաշտօնանկութեան գործընթաց (իմպիչմենթ) սկսիլ։