Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նաժիպ Միքաթի, որ ամիսներ առաջ յայտարարած էր, թէ իրենք ընելիք մը չունին Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային իրադրութեան մասին ըսած է, որ Իսրայէլի կողմէ երէկ եղած հարուածը անընդունելի է։
Լիբանանի մէջ եղած զարգացումներուն զուգահեռ Լիբանանի կառավարութիւնը այսօր արտահերթ նիստ մը գումարեց։
Հրապարակուած տեղեկութեան մէջ կը հաղորդուի, որ վարչապետ Նաժիպ Միքաթիի կողմէ հրաւիրուած արտահերթ նիստին քննարկուած է երկրի ընդհանուր եւ յատկապէս ապահովական իրադրութիւնը։
Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նաժիպ Միքաթի, որ ամիսներ առաջ յայտարարած էր, թէ իրենք ընելիք մը չունին Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային իրադրութեան մասին ըսած է, որ Իսրայէլի կողմէ երէկ եղած հարուածը անընդունելի է։
Նշենք, որ Իսրայէլ երէկ հարուածած էր Պէյրութի «Հարէթ Հըրէյք» շրջանը եւ մինչեւ այս պահը հարուածի թողած իրական հետեւանքներուն մասին լռութիւն կը պահուի։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը