Իրանի նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին ստացած է իրանական արտադրութեան հակաքորոնառահրային COV Iran Bərəkət պատուաստանիւթի առաջին չափաբաժինը, կը հաղորդէ IRNA գործակալութիւնը:
Նշուած է, որ Ռայիսին պատուաստուած է Թեհրանի բժշկական հաստատութիւններէն մէկուն մէջ: 12 Յունիսին թեստային ռեժիմով սկսած է Իրանի բնակչութեան պատուաստումը սեփական արտադրութեան COV Iran Bərəkət դեղամիջոցով:
14 Յունիսին դեղամիջոցը առողջապահութեան նախարարութենէն թոյլտուութիւն ստացած է ամբողջ երկրին մէջ արտակարգ իրավիճակներու օգտագործման համար:
23 Յուլիսին Իրանի գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէին ստացած է իրանական այս պատուաստանիւթի երկրորդ չափաբաժինը:
Իրանի նորընտիր նախագահը COVID-19- ի դէմ հանրային պատուաստումը որակած է որպէս անխուսափելի անհրաժեշտութիւն: