image

Կոչ կ՚ընենք Իրանին դադրեցնելու հետագայ յարձակումները. Փենթակոն

Կոչ կ՚ընենք Իրանին դադրեցնելու հետագայ յարձակումները. Փենթակոն

Փենթակոնի ղեկավար Լլոյտ Օսթինը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ աջակցիլ Իսրայէլին՝ Իրանի կողմէ յարձակման պայմաններուն մէջ։ Անոր խօսքով՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղակայուած ամերիկեան զօրքերը «որսացած են Իրանէն Իսրայէլ արձակուած բազմաթիւ հրթիռներ»։

«Մենք կը դատապարտենք Իրանի կողմէ յարձակման այս գործողութիւնը եւ կոչ կ՚ընենք անոր հրաժարելու հետագայ յարձակումներէն, այդ շարքին՝ վերջիններուս կողմէ աջակցութիւն ստացող ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգները զգալի ուժ ունի՝ իր մարդոց պաշտպանելու, Իսրայէլի պաշտպանութեան հետագայ աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ իրավիճակի սրումը կանխելու համար։

Հաղորդուած է նաեւ, որ Օսթինը հեռախօսազրոյց ունեցած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ, քննարկած են Իրանի կողմէ հրթիռային յարձակման հետեւանքները։