image

Կրակոցներ Կոտայքի մարզէն ներս

Կրակոցներ Կոտայքի մարզէն ներս

Փետրվարի 17-ին խուլիկանութիւն տեղի ունեցած է Կոտայքի մարզին մէջ։

Հրազդան քաղաքի Կեդրոն թաղամասի 4 եւ 5 շէնքերու միջնամասին մէջ վիճաբանութիւն տեղի ունեցած է, որու ժամանակ հնչած են կրակոցներ։ Յայտնած է SHAMSHYAN.com-ը:

Կարճ ժամանակ անց ոստիկանութեան Հրազդանի բաժին ահազանգ եղած է «Հրազդան» բժշկական կեդրոնէն, որ ծեծի հետեւանքով ստացած մարմնական վնասուածքներով իրենց մօտ տեղափոխած են 2 տղամարդ։

Կոտայքի մարզի եօթ բնակիչներ վիճաբանած են նոյն մարզի երեք եւ Վայոց ձորի մարզի մէկ բնակիչի հետ, որու ընթացքին հասարակութեան նկատմամբ ցուցաբերուած է բացայայտ անարգալից եւ արհամարհական վերաբերմունք։ Շուրջ 15 վայրկեան տևողութեամբ նշուած անձինք փոխադարձ հարուածներ հասցուցած են իրար՝ անոնցմէ երկուքին՝ պատճառելով մարմնական վնասուածքներ, իրար նկատմամբ հնչեցուցած են հայհոյանքներ՝ կոպիտ կերպով խախտելով հասարակական կարգը, իսկ կռիւի մասնակիցներէն մէկը իր մօտ գտնուող  ատրճանակէն կրակոց արձակած է դէպի օդ։

Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ անոնցմէ երեքը ոստիկաներու կողմէ յայտնաբերուած են ու կազմուած փաստաթուղթերի հետ միասին ներկայացուած են  Կոտայքի մարզային քննչական վարչութիւն, ուր ալ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։

Նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս տարուած բացատրական աշխատանքներու շնորհիւ ժամեր անց ոստիկանութիւն ներկայացած են մասնակիցներէն վեցը, ուր անոնք ներկայացուցած են նաեւ «Ekol Gediz» տիպի ատրճանակը:

Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ վերջիններս քննիչի որոշմամբ ձերբակալուած են եւ տեղափոխուած ոստիկանութեան Հրազդանի բաժնի ձերբակալուածներու պահման վայր։