image

«Որեւէ մէկը չի կրնար Տաւուշի մարզէն գիւղեր յանձնել այլ երկրի»․ Արարատ Միրզոյեան

«Որեւէ մէկը չի կրնար Տաւուշի մարզէն գիւղեր յանձնել այլ երկրի»․ Արարատ Միրզոյեան

Ես կը հասկնամ, որ քաղաքական ընդդիմութիւնը հակուածութիւն ունի ամէն ինչ ներկայացնելու որքան հնարաւոր է սեւ լոյսի ներքոյ ու ընելու պնդումներ, յետոյ այդ պնդումէն բխեցնել հարց։ Այս մասին Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նիստի ժամանակ ըսած է արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։

«Թեմատիկային մի քիչ աւելի պակաս ծանօթ մարդու մօտ կը ձեւաւորուի տպաւորութիւն, որ այդ պնդումը փաստ է, յետոյ ուղեղը կը սկսի մտածել հարցի մասին։ Ասում էք՝ Տաւուշի մարզից գիւղեր էք յանձնում, ուրեմն ՀՀ որեւէ պաշտօնեայ իրաւունք չունի վարել որեւէ բանակցութիւն ոչ միայն Տաւուշի մարզի, ոչ էլ ՀՀ տարածքի որեւէ այլ գիւղ որեւէ մէկին յանձնելու վերաբերեալ։ Որեւէ մէկը չի կարող Տաւուշի մարզից գիւղեր յանձնել որեւէ այլ երկրի։ Սա աքսիոմատիկ ճշմարտութիւն է, որի երաշխաւորման համար նախատեսուած են իրաւական մեխանիզմներ։ Մենք Տաւուշի մարզից գիւղեր յանձնելու վերաբերեալ չէք բանակցում»,-ըսած է Միրզոյեանը։

Վերջինս անդրադարձած է նաեւ «Հռոմի ստատուտ»ի վաւերացման հիմնական նպատակներուն։

«Ասում էք՝ մենք ասել ենք, որ Ալիեւին դատելուն պակասում է Հռոմի ստատուտը։ Ես չեմ յիշում ոչ ինձ, ոչ էլ որեւէ այլ պաշտօնեայի այս նախադասութիւնն արտաբերելիս, ես այդպիսիս բան չեմ ասել, չեմ էլ յիշում, որ ոչ իմ ղեկավարը, ոչ էլ գործընկերները նման բան ասած լինէին։ Ես երբեւէ չեմ ասել, որ Հռոմի ստատուտն ընդունում ենք Ալիեւին դատելու համար։ Հռոմի ստատուտը մենք վաւերացրել ենք հաւատալով, որ դա ու միջազգային քրէական դատարանի մաս կազմելը կ՚աւելացնի մեր անվտանգութեան աստիճանը»,- աւելացուցած է Արարատ Միրզոյեանը։