Կլենտէյլի Հայ Նազովրեցի եկեղեցին, որ Կլենտէյլի մէջ առաջին Հայ աւետարանական եկեղեցին է այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրութեան 45րդ ամեակը։ Այս առթիւ ալ եկեղեցւոյ պատասխանատուները կազմակերպած եւ իրականացուցած են 45-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններու շարք։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ տարածած հաղորդագրութիւնէն, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Կլենտէյլի Հայ Նազովրեցի եկեղեցին, որ Կլենտէյլի մէջ առաջին Հայ աւետարանական եկեղեցին է այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրութեան 45րդ ամեակը։
5 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ 45ամեակի փառաբանական ճաշկերոյթը։ Եկեղեցւոյ «Ալաճաճի» սրահը լեցուն էր առաւել քան 200 եկեղեցւոյ անդամներով եւ բարեկամներով։
Գեղարուեստական յայտագիրին կողքին եւ պատմական տեսերիզի մը ներկայացումէն ետք արտասանուեցան շնորհաւորական խօսքեր, ապա եկեղեցւոյ աւագ հովիւ վեր. Սերոբ Մկրտիչեան փոխանցեց իր պատգամը, որուն մէջ ան գնահատանքով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ անցեալի հովիւներուն, ինչպէս նաեւ անցեալի եւ ներկայի բոլոր նուիրեալ ծառայողներուն եւ նուիրատուներուն ու շեշտը դրաւ եկեղեցւոյ մարտահրաւէրներուն, ռազմավարութեան եւ ապագայի ծրագիրներուն վրայ։
Ճաշկերոյթը աւարտեցաւ 45ամեակի կարկանդակի հատումով, փառաբանութեան երգով եւ վեր. Մկրտիչեանի Օրհնութեան աղօթքով։
Կիրակի, 6 Հոկտեմբերը յատուկ օր մըն էր եկեղեցւոյ եւ Կլենտէյլի գաղութին համար։
Եկեղեցւոյ պաշտամունքին ընթացքին, վեր. Մկրտիչեան անդրադարձաւ Խաչվերացի եւ Վարագայ Խաչի տօներուն եւ շեշտեց Քրիստոսի խաչին կարեւորութիւնը եւ անոր պատգամը՝ ուղղուած իւրաքանչիւր հայորդիի։
Ապա խուռներամ ժողովուրդը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակը եւ այնտեղ, վեր. Մկրտիչեան անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան, Տէր Զօրի կիզիչ անապատներէն Աստուծոյ հրաշագործութեամբ վերապրողներուն, Խաչի պատգամին եւ թէ ինչպէս քրիստոսակեդրոն հաւատքով եւ հայրենասիրութեամբ լեցուած մեր հայրերը եւ մայրերը հասան Կլենտէյլ եւ քաղաքին մէջ հիմնեցին առաջին Հայ աւետարանական եկեղեցին, շեշտը դնելով խաչին պատգամին վրայ եւ ամէն ջանք թափեցին որպէսզի նոր սերունդը չմոռնայ անցեալը եւ մեր պապերուն հողերը ու 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը։
Ապա եկեղեցւոյ հովիւը կատարեց Խաչքարի նուիրման յատուկ աղօթքը։
«Հայր Մեր»ի երգեցողութենէն, Օրհնութեան աղօթքէն եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութենէն ետք, ժողովուրդը համախմբուեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ հաղորդակցական պահ։
Ահաւասիկ Ցեղասպանութեան նուիրուած Խաչքար յուշարձան մը եւս աւելցաւ աշխարհի տարածքին գտնուող միւս յուշարձաններուն կողքին եւ բոլորս կանչուեցանք՝ հաւատարիմ մնալու մեր նահատակներու սրբազան կտակին՝ յիշելով, յիշեցնելով եւ պահանջելով աստուածային արդարութիւն։
Յիշենք, թէ Ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքարը պատրաստուեցաւ Հայաստանի Գիւմրի քաղաքին մէջ եւ գործն է ութսունամեայ վարպետ Ռաֆայէլ Սարիբեկեանի, օգնութեամբ իր զաւակին՝ Սարբեկին, իսկ յուշարձանին Ճարտարապետը Յովէլ Պապիկեանն է։
«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ» ԳԻՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ
25 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ. Տեսիլք, Կամք Եւ Յոյս» գիրքին շնորհահանդէս-ներկայացումը։
Գիրքը յատուկ ձեւով վերլուծեց եւ ներկայացուց իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեան, իսկ շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկան Երեմիա վրդ. Աբգարեան, որ ներկայացուց եւ ընթերցեց Յովնան արք. Տէրտէրեանի խօսքը, Արսէն քհնյ. Գասապեան, որ ներկայացուց եւ ընթերցեց Գեղամ արք. Խաչերեանի խօսքը, վեր. Հենտրիկ Շահնազարեան՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հովիւը։
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան՝ Նարեկ Համբարձումեան՝ սրինգ եւ Արփի Յակոբեան՝ թաւջութակ։
Ապա եկեղեցւոյ աւագ հովիւը իր փակման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Մշակոյթի ամսուան, հայ գիրի եւ գիրքի կարեւորութեան եւ շնորհակալութեամբ անդրադարձաւ գրասէր հասարակութեան, քոյր յարանուանութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ հայ թերթերու ներկայացուցիչներուն եւ յատուկ յուշանուէրներով՝ եկեղեցւոյ Խաչքարի յատուկ տախտակէ տարբերակով, գնահատեց դոկտ. Ճէպէճեանը եւ իրաւաբան Աւշարեանը։
Օրհնութեան աղօթքէն ետքէ տեղի ունեցաւ գիրքի մակագրում, հիւրասիրութիւն մը եւ հաղորդակցական պահ մը։
(Քաղուած եկեղեցւոյ թղթակցութենէն)