image

Երուսաղէմի մէջ. Նշուած է ՀԵՄ-ի հիմնադրութեան 87-ամեակը (Լուսանկար)

 Երուսաղէմի մէջ. Նշուած է ՀԵՄ-ի հիմնադրութեան 87-ամեակը (Լուսանկար)

Օրերս Երուսաղէմի մէջ նշուած է Հայ  Երիտասարդաց Միութեան (ՀԵՄ) հիմնադրման  87-րդ տարեդարձը։

 Ասոր մասին կարդացինք ՀԵՄ-ի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը՝

 

Ուրբաթ, 8 Նոյեմբեր, 2024-ին, Միութեանս Թէքէեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԵՄ-ի հիմնադրութեան 87-րդ ամեակի նուիրուած հանդիսութիւն։

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Հայաստանի եւ ՀԵՄ-ի քայլերգներու երգեցողութեամբ, ապա բացման խօսք կատարեց Միութեանս ատենադպիր Սարին Կէճէքուշեան: Գեղարուեստական յայտագրին կը մասնակցէին ընկերներ Վինօ Գահգէճեան, Գրիգոր, Գէորգ եւ Կէճէքուշեանները որոնք ներկայացուցին հայկական երգեր ինչպէս նաեւ Սարգիս Կէճէքուշեանը ներկայացուց Հայկազ Մխալեանի ՀԵՄ-ի բանաստեղծութիւնը։ Յայտագրի ընթացքին Միութեանս Ատենապետ ընկեր Սարգիս Ճռնազեանը կատարեց իր խօսքը շեշտելով ՀԵՄ-ի դերը Սաղիմահայ գաղութի եւ ազգի հանդէպ 87 տարիներու ընթացքին։ Օրուայ բանախոսն էր  Դոկտ. Անուշ Նագգաշեանը ուր իր խօսքի ընթացքին ՀԵՄ-ի երկար տաիիներու աշխատանքի մասին եւ ազգային միասնականութեան մասին խօսք կատարեց։

 Յայտագրի ընթացքին նաեւ Միութեանս Պարախումբը երկու հայկական մշակութային ներկայացումներ ունեցաւ։ Հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին աղօթքով եւ հիւրասիրութեամբ Անդրանիկ սրահէն ներս։ 

Հանդիսութեան ներկայ էին Միութեանս անդամներ, նախկին ատենապետներ, Սաղիմահայ միութիւններու եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ ՌԱԿ, ՀՅԴ, ԵՀԲՄ, ՀՕՄ եւ ՀՄԸՄ, SavetheArQ շարժման անդամներ ինչպէս նաեւ միաբաններ։