image

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (18)

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (18)

1.Օդակայան-օդանաւակայան

Ասոնցմէ առաջինը յատուկ է արեւմտահայերէնին, երկրորդը՝ արեւելահայերէնին:

Առաջինը ունի կառուցային այն մեծ առաւելութիւնը, որ ան կազմուած է չորս  վանկէ,  մինչ երկրորդը՝ վեց վանկէ. տարբերութիւնը՝ երկու վանկ, ինչ-որ ահագին բան է մէկ բառի սահմանին մէջ: Բայց ահա եւ ասոր հակառակ՝ արեւելահայերը կը կառչին  իրենց ունեցածին, որ արեւմտահայ յաճախորդներ եւս սկսած է գտնել, օրինակ՝ Սագո Արեանը իր «Քապուլի պատճառով...» յօդուածին մէջ կը գրէր օդանաւակայան:

Ինչո՞ւ ուրեմն այս անհեթեթ կառչումը:

Օրին առարկուեցաւ,  թէ  օդակայան պարզապէս կը  նշանակէ «օդի կայան», իսկ յիշեալ տարածքը օդի մէջ գտնուող կայան չէ. շատ յստակ՝ ան օդանաւերուն ծառայող կայան է, կայանատեղի է:

Ուրի՞շ...ուրիշ որեւէ առարկութիւն չկայ, արդէն չէր կրնար ալ ըլլալ:

Օդակայան-ը անպայման օդի կայան հասկնալը պարտադիր չէ. աւելի քան հարիւր տարի է կը գործէ այս բառը, եւ ոչ մէկ արեւմտահայ, ի՛նչ տարիքի ու կրթութեան ալ պատկանի ան,  իբրեւ  «օդի կայան» չէ ըմբռնած զայն այն պարզ  պատճառով, որ  աչքը բացած օրէն  նկատած է այդ եզրին  յատկացումը օդանաւերու կայանատեղիին ու այդպէս ալ տպաւորուած ու սորված է: Բառերը, վերջին հաշուով, ունին ա՛յն իմաստը, որ մե՛նք կը դնենք անոնց մէջ: Որքա՜ն բառեր անհեթեթ պիտի հնչէին, եթէ  ըստ բաղադրիչներու դատէինք ու մեկնաբանէինք զանոնք: Առնենք իմաստասէր  եզրը.  ըստ բաղադրիներու ան կը նշանակէ «իմաստ սիրող»,− բան մը կը  նշանակէ՞ այս, ո՛չ, չի նշանակեր. անմիտ, անհեթեթ հնչիւնախումբ մը: Բայց ահա մենք կ’ուզենք, որ ան նշանակէ...«իմաստութիւն սիրող», − եւ սա իր կարգին ամբողջութեամբ չի բացատրեր «իմաստասէր» եզրը. իմաստասէր-ը՝ իմաստութիւն սիրողը չէ: Ամէն մարդ ալ իմաստութիւն կը սիրէ, սակայն եւ այնպէս ամէն մարդ իմաստասէր չէ:

Պղատոն, Արիստոտէլ կամ Յակոբ Պալեան չէ:  

Հետեւաբար, արեւելահայն ալ, որդեգրելով  օդակայան-ը, պիտի հեշտութեամբ ճանչնար անոր ետին գտնուող հասկացութիւնը, ինչպէս իր արեւմտահայ հայրենակիցը կը ճանչնայ զայն: Մանաւանդ որ այս եզրը առաջինը չէ, ուր մտնող բաղադրիչը կրճատուած է, այսինքն՝ օդանաւը «օդ» եղած է:  Շատ ուրիշ բառեր  իրենց կարգին գեղագիտական կրճատումով կազմուած են հայերէնի մէջ. օրինակ՝  մենք կ’ըսենք թագուհի, սակայն կը հասկնանք թագաւորուհի եւ ոչ թէ «էգ թագ» (թագ+ուհի): Կամ թէ կ’ըսենք կարուհի, եւ կը հասկնանք կարողուհի եւ ոչ թէ էգ կար (կար+ուհի): Մարտիկ-ը պզտիկ մարտ “պատերազմ” չենք հասկնար: Ասոնք բոլորը լեզուական տնտեսումի, բայց նաեւ բարեհնչական,  գեղագիտական   թելադրանքով յառաջացած,  իրականացած ու ըմբռնելի վերացարկումներ  են, որոնք ոչ մէկ շփոթ կը յառաջացնեն հայերէն սորվողներուն մտքին մէջ:

Շփոթ չէր կրնար յառաջացնել օդակայան-ը եւս:

Եւ հայերէնը կը խուսափէր մէկ անճոռնի կառոյցէ, որ օդանաւակայան-ն է:

Ինչպէ՜ս ալ բերաննին չի յոգներ այսպիսի բառ մը արտասանելու առթիւ:

                                                                                  *   *   *

Եւրոպական մեզի ծանօթ բոլոր լեզուները՝ ֆրանսերէն, անգլերէն, իտալերէն, սպաներէն, փորթուկալերէն, ռուսերէն  իրենց եզրը կազմած են օդ ( aer- կամ air-)  եւ port (նաւահանգիստ) կամ drome  արմատներով: Թեթեւօրէն կը տարբերի գերմաներէնը, որուն համար  բառս luft (թռիչք) platz (տեղ) է՝ թռիչքավայր, եթէ կ’ուզէք:

Ուրեմն ոչ մէկը  տուեալ հասկացութիւնը  ձեւաւորելու համար օգտագործած  է օդանաւ բառը:  Եւ այսպէս   ստացուած բառերը որեւէ  ատեն որեւէ շփոթի տեղիք չեն տուած թէ՛ այդ լեզուն կրողներուն, թէ՛ զայն  իբրեւ օտարական կիրարկողներուն:

Արեմտահայերէնը հետեւած է ահա ա՛յս  ոսկեայ աւանդոյթին:

Մի՛այն արեւելահայերէնն է, որ օդանաւ հիմքով կազմած է  իր  ծանծաղ եզրը:

Այս բոլոր օրինակներս կը ծառայեն անգամ մը եւս հաստատելու, որ եզրերու ընտրութեան կամ յառաջացումին մէջ տուեալ  հասկացութեան ամբողջական ու անմիջական թելադրականութիւնը միշտ կարելի ու նաեւ փնտռուած  չէ եղած: Եւ լեզուն ստիպուած է յաճախ ըսել բան մը եւ  հասկնալ... ուրիշ բան: Օրինակ՝ ըսած է օդանաւահանգիստ (airport ) եւ հասկցած ցամաքային այն տարածքը, ուր օդանաւերը էջք ու մեկնարկ կը կատարեն:

Այդպէս է նաեւ մեր օդակայան-ը, որ այնքան կոկիկ է ու ճաշակաւոր:

2.Մերին Պոլիսը

***«Մարմարա», դուք հասկցէք՝  Ռոպեր Հատտէճեան, տառադարձական նոր մրցանիշ մը կտրած է ի դէմս  Քիյեւ-ին, որ գրած է ճի՛շդ այսպէս՝ Քիյեւ, ինչպէս արդէն կը գրէր Ալիյեւ եւ Ռիյատ: Դուն հազար ըսէ, հազար աղբիւրէ ջուր բեր, թէ հայերէնը կը մերժէ «իյ» հնչիւնական հերթականութիւնը եւ իր ծոցին մէջ չէ ունեցած որեւէ բառ, որ «իյ» բովանդակէր,− ան իր գիցտածէն մազ մը իսկ չի շեղիր, անշուշտ այն տրամաբանութեամբ,  թէ՝

−Ես հայերէնը նո՞ր պիտի սորվիմ... ան ալ ձեզմէ՞ պիտի սորվիմ...

Ո՛չ, նոր պիտի չսորվիս, սակայն պիտի անդրադառնաս, որ գիտցածդ մաշած է,  զառամած է եւ նորոգութեան կը կարօտի, ինչպէս բոլորս կը կարօտինք ու միշտ կը կարօտինք:  Ինչ որ Հատտէճեան չէ ըրած, եւ իր սխալ  սորվածէն մազ չէ փոխած անցնող տասնամեակներուն:

***«Չենք կրնար տարուիլ ազգակործան  շարժումներու հրահրած  թակարդին, ընդ հակառակը,  պէտք  է ի զուր բերել այդ դաւադրական ջանքերը» («Ակօս», 21-5-215):

Բան մը հասկցա՞ք...

Ինչ-որ «ազգակործան թակարդ» մը լարուած է տեղ մը...իսկ մնացեա՞լը, ի՞նչ կ’ուզէ ըսել «Ակօս», ի՞նչ պատգամ կը յղէ ընթերցողներուս: Դուք ի՞նչ կը մտածէք այս մասին:

Հարցը կնճռոտողը «ի զուր բերել» բառակապակցութիւնն է, որ այստեղ դարձուածային արժէք ունենալ կը թուի եւ որը, սակայն, հայերէն չէ եւ բան մըն ալ չի նշանակեր:  Կը մնայ, որ ընթերցողը ենթադրութիւններ ընէ, ինչպէս կ’ընենք համրերուն հետ «խօսելու» առթիւ:

Եւ փորձենք լուծել այս առեղծուածը:

«Ակօս»-ի նպատակակէտը «ի դերեւ հանել» ասոյթն է, որուն հաւանաբար  անծանօթ է  կամ ալ այս պահուս չէ յիշած: Ուրեմն  պարբերութեան պատգամն է՝ «ի դերեւ հանել այն ազգակործան թակարդը», որ լարուած ըլլալ կը թուի ազգին կամ անոր մէկ հատուածին  առջեւ. այդ մէկ հատուածը պոլսահայութիւնն է, անշուշտ:  

Որ է... հայութեան սերուցքը:

Սերուցք մը, որ,  ցաւօք,   սկսած է...այլասերիլ:

 

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ