image

Կիպրոս. Հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Տիար Վարդգէս Մահտեսեան շնորհակալութիւն յայտնած է

Կիպրոս. Հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Տիար Վարդգէս Մահտեսեան շնորհակալութիւն յայտնած է

Կիպրոսի Խորհրդարանին մէջ Հայկական Համայնքի Պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան իր սրտագին շնորհաւորութիւններն ու ջերմ երախտագիտութիւնը արտայայտող նամակ մը յղեց Կիպրոսի մօտ Ղազախստանի Դեսպանատուն։

Կիպրոսի Խորհրդարանին մէջ հայկական համայնքի պետական ներկայացուցիչի էջէն կը կարդանք՝ 

Կիպրահայ Գաղութին անունով, Պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան իր սրտագին շնորհաւորութիւններն ու ջերմ երախտագիտութիւնը արտայայտող նամակ մը յղեց Կիպրոսի մօտ Ղազախստանի Դեսպանատուն, մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ հայերէն այբուբենի հնարիչ Մեսրոպ Մաշտոցի անունը կրող նոր փողոցի մը բացման առիթով, 21 Նոյեմբեր 2025-ին։

Նշանակալից այս արարքը խորապէս գնահատուեցաւ Կիպրահայ համայնքին կողմէ, եւս ամրապնդելով երկու Ժողովուրդներու միջեւ տիրող բարեկամական եւ մշակութային կապերը։