image

Խուզարկութիւններ կատարուած են ՀՅԴ–ի գրասենեակներու մէջ, բերման ենթարկուածներ կան. պատգամաւոր

Խուզարկութիւններ կատարուած են ՀՅԴ–ի գրասենեակներու մէջ, բերման ենթարկուածներ կան. պատգամաւոր

Այսօր առաւօտէն խուզարկութիւններ կը կատարուին ՀՅԴ–ի Վայքի եւ Եղեգնաձորի գրասենեակներուն մէջ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը։

«Խուճապի մէջ յայտնուած ռեժիմը սեփական իշխանութիւնը պահելու համար կանգ չի առնում ոչնչի առջեւ: Իշխանութիւնները գործադրութեան մէջ են դրել հանրութեանը վախեցնելու, ահաբեկելու եւ բռնաճնշումների ենթարկելու ողջ արսենալը: Բերման են ենթարկուել Վայոց Ձորի կառոյցի ղեկավար մարմնի անդամներ»,– գրած է պատգամաւորը դիմատետրեան էջին:

Ան նշած է, որ կատարուածը կուսակցութիւններու մասին սահմանադրական օրէնքի կոպիտ խախտում է, ՀՅԴ–ի նկատմամբ կազմակերպուած, ուղորդուող ու թիրախաւորուած յարձակում։

Նշենք, որ ՀՅԴ ներկայացուցիչներն աշխուժ կը մասնակցին «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման ցոյցերուն։