image

«Խորհրդաւոր» պայթում Գերմանիոյ մէջ...

 «Խորհրդաւոր» պայթում Գերմանիոյ մէջ...

Պայթում մը գրանցուած է Գերմանիոյ Լիվէրքուզըն քաղաքին մէջ։

 Այս մասին լուրը իմացանք  Sky News Arabia կայանէն։

 

 Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ պայթումը եղած է Լիվրքուզըն քաղաքի քիմիական նիւթեր արտադրող մեծ գործարանի մը մէջ։

 

 Պայթումին հետեւանքով գրանցուած են վիրաւորներ, ու կան նաեւ կորսուածներ։

 

 Քաղաքի պատկան մարմինները բնակիչներէն պահանջած են արագօրէն փակել իրենց տան պատուհաններն ու դռները, քիմիական վտանգաւոր նիւթերու արտահոսքէն զերծ մնալու նպատակով։ 

 

 Պայթումին պատճառները ցարդ յայտնի չեն։