Տարի մը առաջ մեզմէ առ յաւէս բաժնուեցաւ Յորդանանի հայկական համայնքի ազդեցիկ եւ նուիրեալ անդամներէն՝ Տիար Ներսէս Ներսէսեանը։
Հանգուցեալը, որ վաղ պատանեկութեան տարիներէն մասնակից եղած է Ամմանի հայկական կեանքի առանցքային գործունէութիւններուն, իր ուսանողական տարիները անցուցած էր Հայաստանի մէջ, ձեռք բերելով գործակիցներու եւ գաղափարակիցներու մեծ շրջանակ մը, որոնց համար միշտ ալ նշանակալի դեր եւ տեղ ունեցած է «Հայրենիք Հայաստանը ամէն բանէ վեր» նշանաբանը։
Ու այդ ոգիով ալ գործած է Ներսէս Ներսէսեան, որուն համար հայ եկեղեցին ու հայ դպրոցն ու հայ ակումբը միշտ ալ դարձած են ինքնութիւն կերտող օղակներ։
Ամմանի հայութեան, Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան ու նաեւ Հայաստանի համար մեծ կորուստ մըն էր անոր անժամանակ հեռացումը, ու անոր յիշատակին ցանկացած խօսք եւ երախտիքի արտայայտութիւն բնական դրոյթներ են, եթէ հաշուի առնենք, որ կարեւորագոյն կէտ մը կը համարուի մեր աւագ սերունդի ներկայացուցիչներուն յիշատակը խնկարկելու պարտականութիւնը։
Այս առթիւ «Արեւելք» կրկին անգամ կը խոնարհի իր յիշատակին ու ստորեւ կը ներկայացնէ հանգուցեալի դստեր օրդ. Մարալ Ներսէսեանի այս առթիւ կատարած սրտառուչ գրութիւնը։
Յարգանք իր յիշատակին
Հոգին կրնայ դռնէն մէկ քայլ այն կողմ գտնուիլ, բայց դուն երբեք չես կրնար ընկալել մահը, մինչեւ մաշկիդ վրայ որ չըզգաս կորուստը...
Սիրելի հօրս մահէն մէկ տարի անց, մենք երախտապարտ ենք բոլոր անոնց, որոնք մեր կողքին էին այն առաւօտէն, երբ հայրս չկար։ Մեր ընկերներուն, որոնք մեզ զգացուցին, որ մենք մեծ ընտանիք ունինք։ Մեր մօրաքոյրներուն ու հօրեղբայրներուն ընտանիքներուն, որոնք հակառակ ֆիզիքական հեռաւորությեան, մեր կողքին էին։
Ողջոյններ այն ընտանիքներուն, որոնց ծաղիկները լոյս բերին մեր դժուար ժամանակին մէջ:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նամակներու միջոցաւ ստացած ջերմ խօսքերուն համար՝ Ամմանի քաղաքապետ Դոկտ. Եուսըֆ Ալշաուարպէին, «Arabtec Jardaneh»ին, Յարութ Խաչատուրեանին եւ ԳՈՀԱՐ ընտանիքին, «Shawi-Rshedat-Masannat Omnitrade»-ին եւ «ADLP»ին, Ամմանի Բարեկործական ընդհանուր միութեան եւ «Արեւելք» լրատուականին։
Բոլոր ջերմ հաղորդագրութիւններէն, կ՚ուզեմ յիշել հայրս, կիսուելով քանի մը ընկերներու եւ գործընկերներու անկեղծ խօսքերը:
Թող ձեր տուները միշտ լեցուած ըլլան սիրով։