image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Պատերազմէն Տարի Մը Ետք

Խմբագրական «Մասիս»ի. Պատերազմէն Տարի Մը Ետք

Տարի մը առաջ` այս օրերուն աշխարհասփիւռ Հայութիւնը անձկութեամբ եւ խոր մտահոգութեամբ կը հետեւէր Սեպտեմբեր 27-ի առաւօտեան Ատրպէյճանական բանակի շղթայազերծած լայնածաւալ յարձակումին` ուղղուած Արցախի խաղաղ բնակչութեան ու բնակավայրերուն դէմ:

Պատերազմի առաջին օրերուն Հայկական զօրքերը կը յաջողէին կասեցնել թշնամիի յառաջխաղացքը ու ետ մղել զանոնք: Կ°ակնկալուէր որ մեծ պետութիւններու միջամտութեան եւ ճնշումներուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլար հաստատել զինադադար ու խուսափիլ մարդակային մեծ կորուստներէ: Սակայն, շատ չանցած ի յայտ եկաւ որ, Հայկական զինուած ուժերը ոչ միայն կը կռուէին Ազերի բանակին, այլ եւ Թուրքիոյ դէմ, որ անմիջականօրէն կը վարեր ռազմական  գործողութիւնները` պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումները վերապահելով իրեն: Աւելին, դարձեալ թրքական հովանաւորութեամբ դէպի պատերազմի ճակատ կը փոխադրուին տարբեր երկիրներէն հաւաքուած հազարաւոր վարձկան զինուորներ, որոնք որպէս մարդկային վահան կÿօգտագործուէին Ազերի զօրքերուն կողմէ:

Մարտական գործողութիւններու երկարաձգումով սկսան կամաց-կամաց կուտակուիլ Հայկական կողմի  մարդկային ու տարածքային կորուստները: Թշնամին օգտագործելով իսրայէլեան եւ թրքական անօդաչու թռչող հարիւրաւոր Սարքեր կը կարողանար տիրապետել երկինքին, ու պատերազմի ընթացքը փոխելու Հայկական կողմի բոլոր ջանքերը կը մատնուէին ձախողութեան: 44 օր դիմադրելէ ետք, Նոյեմբեր 9-ին, երբ արդէն գրաւուած էր Շուշին ու վտանգուած  մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, Ռուսաստանի միջնորդութեամբ ստորագրուեցաւ մարտական գործողութիւնները դադրեցնելու շուրջ եռակողմ համաձայնութիւն` Հայաստանի համար խիստ ծանր պայմաններով, որոնց արդիւնքով թշնամիի վերահսկողութեան տակ անցան Արցախի ու անոր շուրջ տարածքներու մեծ մասը:

Հակառակ այս ծանր պարտութեան Արցախահայութիւնը կը շարունակէ ապրիլ ու գոյատեւել իր հողին վրայ` վերաշինելով իր քանդուած բնակարանները, գիւղերն ու քաղաքները:

Ծանր էին մեր մարդկային կորուստները. Աւելի քան 3700 զոհ, հազարաւոր վիրաւորներ ու հաշմանդամ դարձած երիտասարդներ, հարիւրաւոր գերիներ ու անյայտ կորած անձիք: Անգամ մը եւս ողբը պատած է մեր ազգին ու բոլորս ցնցուած  ենք, սակայն ոչ յուսահատ: Կը հաւատանք որ, մեր Հայրենիքն ու ժողովուրդը իրենց մէջ պիտի գտնեն բաւականաչափ ուժ յաղթահարելու այս պատուհասը եւս:

Ներկայիս Հայկական բանակը կը գտնուի վերակառուցման ու արդիականացման ճանապարհին, հակառակ որ թշնամին ամէնօրեայ սահմանային ոտնձգութիւններով կը փորձէ հոգեբանական ճնշում բանեցնել ու նոր պայմաններ ու իրավիճակներ պարտադրել մեզի:

Պատերազմին յաջորդող ամիսները Հայաստանի համար եղաւ փոթորկոտ ժամանակաշրջան մը: Երկրէն ներս ստեղծուեցաւ քաղաքական խոր ճգնաժամ: Ընդդիմադրութիւնը դիմելով փողոցային պայքարի կոշտ միջոցներու փորձեց տիրանալ իշխանութեան, սակայն ժողովրդային աջակցութեան չարժանանալով չկարողցաւ հասնիլ իր նպատակին: Յունիսին տեղի ունեցան խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ, որոնք եկան մեղմելու իրավիճակը:

Նոր կառավարութիւնը այժմ լծուած է պատերազմի ներքին ու արտաքին հետեւանքներու մեղ-մելու դժուարին աշխատանքին: Որոշ դրական տեղաշարժեր նկատելի են ներքին ճակատի վրայ: Արտաքին գետնի վրայ անորոշ ու առեղծուածային կը մնայ ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստանի դիրքորոշումը: Հակառակ բոլոր յոռետեսական կանխատեսումներուն համոզուած ենք  որ, հայրենի իշխանութիւնները պիտի չառնեն այնպիսի քայլեր, որոնք չեն բխիր մեր ժողովուրդի շահերէն:

Ժամանակը կը գործէ ի նպաստ մեզի ու կը մնայ որ մենք հաւատանք ու ապաւինինք մեր ժողովուրդի կամքին եւ միասնաբար փորձենք կերտել աւելի լաւ ու փայլուն ապագայ մը մեր Հայրենիքին համար: