Արեւելքն ու Արեւմուտքը իրար կապելու այս նոր առաջադրանքով Անգարան կը հրաւիրէ երկու տարածաշրջաններու ուժերը համաձայնելու Զանգեզուրի կամուրջը բանալու սկզբունքին շուրջ: Խուսանաւումը օգտագործուած եզրերով ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Նախիջեւան-Ազրպէյճան կապի մասին կը խօսի, մինչ միջանցք բառը կ՛օգտագործէ Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք ցամաքային նոր բացուելիք ճանապարհներուն համար:
Կ՛արձանագրուի ուրեմն այն, որ Արցախի հարցին լուծումէն ետք թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը կը կեդրոնանայ Սիւնիքին վրայ, առաջադրուած միջանցքը գործարկելու եւ անոր համար միջտարածաշրջանային ճնշում ապահովելու:
Թուրքիոյ նախագահը վերստին արծարծած է թուրքեւազրպէյճանական դաշինքին նախապայմանը ուղղուած հայկական կողմին: «Զանգեզուրի միջանցք»-ը նախ ուղղութիւն կը փոխէ, յետոյ` գրաւչութիւն, ապա կը մեկնաբանուի Հայաստանի շրջանցումով, յետոյ վերստին կը սպրդի յայտարարութիւններու բովանդակութեան մէջ, կը վերածուի Նախիջեւան-Ազրպէյճան հաղորդուղիի, կը կորսուի յանկարծ ընդհանուր ապաշրջափակման ոլորապտոյտներուն մէջ, հիմա ալ Ուզպէքիստանի մէջ Թուրքիոյ նախագահին ճամբով կը վերածուի խաղաղութեան հաստատման նախապայմանի, իբրեւ Ազրպէյճանը Նախիջեւանին կապող փոխադրական գիծ, Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք կամուրջի տարազին տակ:
Փաստօրէն թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը չէ հրաժարած թուրանական կամուրջի իր ծրագիրէն: Կամուրջ ոչ միայն Իրանի ճամբով, այլ` Հայաստանի: Նախապայմանային քաղաքականութեան արդի հանգոյցն է Սիւնիքը, որուն օգտագործումը թէ՛ Անգարայի եւ թէ՛ Պաքուի համար հրամայական է:
Այս հանգուցակէտին միջտարածաշրջանային տարողութիւն հաղորդած է Թուրքիոյ նախագահը, երբ ընդգծած, որ մեծցած է Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք միջանցքի նշանակութիւնը, հետեւաբար պէտք է աշխատիլ, որպէսզի այդ հաղորդուղիները գործարկուին:
Անգարայի վարիչին բառերով նոր ձեւակերպում կը ստանայ այսպիսով սիւնիքեան կամուրջի կարգավիճակը: Սիւնիքը այս ձեւով կը դառնայ Մերձաւոր Արեւելքն ու Արեւմուտքը իրար կապող խաչմերուկ: Նախիջեւան-Ազրպէյճան կապին մասին խօսելէ ետք Էրտողան փաստօրէն հսկայական ոստումով անցում կը կատարէ տարածաշրջաններ իրար կապող հանգամանքին մասին խօսելով:
Արեւելքն ու Արեւմուտքը իրար կապելու այս նոր առաջադրանքով Անգարան կը հրաւիրէ երկու տարածաշրջաններու ուժերը համաձայնելու Զանգեզուրի կամուրջը բանալու սկզբունքին շուրջ: Խուսանաւումը օգտագործուած եզրերով ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Նախիջեւան-Ազրպէյճան կապի մասին կը խօսի, մինչ միջանցք բառը կ՛օգտագործէ Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք ցամաքային նոր բացուելիք ճանապարհներուն համար:
Կ՛արձանագրուի ուրեմն այն, որ Արցախի հարցին լուծումէն ետք թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը կը կեդրոնանայ Սիւնիքին վրայ, առաջադրուած միջանցքը գործարկելու եւ անոր համար միջտարածաշրջանային ճնշում ապահովելու:
Այստեղ ուղերձներ կան թէ՛ Իրանին եւ թէ՛ Մոսկուային: Առաջինին պարագային ըսել կ՛ուզուի, որ Իրանի վրայով նոր կամ վերակառուցուելիք ճամբաները չեն փոխարիներ Սիւնիքի վրայով բացուելիք ուղիները, հետեւաբար Իրանը պիտի չունենայ ռազմավարական այդ կապը վերահսկելու մենաշնորհը: Իսկ Մոսկուան ալ պիտի իմանայ, որ միայն իր կողմէ պիտի չվերահսկուի համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող այդ ճամբան: Յատկապէս Արեւմուտքը նաեւ հասցէագրելով իբրեւ այս ճանապարհի կարեւոր ուղղութիւն, Անգարան այս ձեւով ռուսական առանձնաշնորհումը կը չէզոքացնէ:
Միջանցքի կարգավիճակին նկատմամբ Թուրքիոյ կատարած ձեւախեղումները յարափոփոխ են, ինչպէս վերը նշուեցաւ: Փաստօրէն այս մասին Էրտողանը յայտարարած էր նաեւ Ասթանայի մէջ` «Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան» 10-րդ վեհաժողովին ժամանակ` մասնաւորապէս նշելով, որ Նախիջեւանը Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն հետ կապող ուղիի իրականացումը կարեւոր է ո՛չ միայն տարածաշրջանի երկիրներուն համար, այլ նաեւ անիկա կը կապէ Թուրքիան Կեդրոնական Ասիոյ հետ:
Ահա՛ բուն նպատակը, որ ծուարած է Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք միջանցքի տարազին տակ: