image

Խերսոնի կեդրոնին բարձրացուած է Ուքանիոյ դրօշակը

Խերսոնի  կեդրոնին  բարձրացուած է Ուքանիոյ դրօշակը

11 նոյեմբերի առաւօտեան ուքրանական լրատուամիջոցները, վկայակոչելով ականատեսներ, յայտնած են, որ քաղաքի կեդրոնը յայտնուած է Ուքրանիոյ դրօշը։

Մասնաւորապէս, տարածուած է տեղացի պլոգըրի հեղինակած լուսանկարը, որ մարզպետարանի շէնքի յարակից տարածքն է, ուրկէ հանուած է Ռուսիոյ դրօշը։

 

Ուքրանիոյ դրօշը յայտնուած է ոչ թէ մարզպետարանի տանիքին, այլ շէնքի դիմաց գտնուող յուշարձանի պատուանդանին՝ այն շրջապատող ժապաւէնի տեսքով։

 

Ուքրանական լրատուամիջոցները կը պնդեն, որ դրօշը կախած են «փարտիզանները», իսկ Ուքրանիոյ զինուած ուժերը քաղաք չեն մտած։

 

Յիշեցնենք, որ  Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարար՝ Սերգէյ Շոյկուն համաձայնած է Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ յատուկ ռազմական գործողութեան հրամանատար՝ Սերգէյ Սուրովիքինի՝ Խերսոնի մարզը Տնեփր գետի ձախ ափէն պաշտպանելու առաջարկին։

«Համակողմանի գնահատելով իրադրութիւնը՝ կ'առաջարկուի պաշտպանութիւնը իրականացնել Տնեփրի ձախ ափէն։ Կը հասկնամ, որ այդ հեշտ որոշում չէ։ Միեւնոյն ժամանակ մենք կը պահպանենք ամենակարեւորը՝ մեր զինծառայողներու կեանքն ու զօրախումբերու անվտանգութիւնը, որ գետի աջ ափին պահելը անհեռանկարային է։ Բացի այդ, կ'ազատուին միջոցներ եւ ուժեր, որոնք կրնան աշխոյժ գործողութիւններու մասնակցիլ գործողութեան այլ ուղղութիւններով»,-ըսած է Սուրովիքին։

«Շարունակէք զօրքերու դուրսբերումը եւ ձեռնարկեցէք բոլոր միջոցները՝ ապահովելու համար անձնակազմի, զէնքի եւ տեխնիկայի անվտանգ տեղափոխումը Տնեփր գետի միւս ափ»,- կարգադրած է նախարարը:

Նշենք, որ Խերսոն կը գտնուի Տնեփր գետի աջ ափին։