ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը քուէարկած է Երեւանի Չեխովի փողոց 100 հասցէի վրայ տեղակայուած 8/20 ընտրատեղամասէն ներս։
Լրագրողներու հետ զրոյցին վերջինս նշած է, որ Հայաստանի ապագայի որոշումը պէտք է կայացնէ ՀՀ քաղաքացին:
«Ժողովուրդը ինչ որոշի՝ ես կ՚ընդունեմ»,- ըսած է Փաշինեանն ու աւելցուցած, որ ընտրութիւն կատարելու ժամանակ պէտք է առաջնորդուիլ ապագայի պատկերացումներով, Հայաստանը որդեգրած է ունենալ ժողովրդավարութեան եւ խաղաղութեան ուղի:
Վարչապետը նաեւ նշած է, որ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւնը կը մտցնեն որոշ շրջանակներ, իրականութեան մէջ նման լարուածութիւն չկայ, իսկ ընտրութիւններէն ետք ինքը, այո, կը պատրաստուի մեկնիլ Մոսկուա եւ լուծել առկայ խնդիրները: