Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան պահպանումը Թուրքիոյ առաջնահերթութիւններէն է, մարտ 12-ին «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան նիստի ժամանակ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։
Անոր կարծիքով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումէն ետք տարածաշրջանին մէջ նոր դարաշրջան կրնայ սկսիլ։
Թուրքիոյ նախագահն անդրադարձած է նաեւ Յունաստանի հետ յարաբերութիւններուն։ Ան նշած է, որ վերջին շրջանին Յունաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ ստեղծուած մթնոլորտը կը փոխուի եւ այդ ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը պիտի յանգեցնեն առարկայան արդիւնքներու։
Նշենք, որ օրերս հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները քննարկած են Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ու Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւանը՝ յոյս յատնելով, որ բանակցութիւններուն ձեռքբերուած առաջընթացը վճռորոշ կ՚ըլլան Կովկասի բարգաւաճման համար։