Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման հարցը հայկական կողմին չի վերաբերիր, սա Մոսկուայի եւ Պաքուի երկկողմ յարաբերութիւններու հարց է։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նախաձեռնութիւններուն մասնակցելէ ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին։
«Մենք իսկապէս հոն՝ Ղարաբաղի մէջ, ունինք խաղաղապահներ, նոյնիսկ անկէ ետք, երբ բոլորը ճանչցան Ղարաբաղը իբրեւ ատրպէյճանական տարածք, բայց այս հարցը այլեւս չի վերաբերիր հայկական կողմին, ասիկա Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի երկկողմ յարաբերութիւններու հարց է», ըսած է Լաւրով։
Անոր խօսքով, նախագահները քննարկած են այս թեման։ Անոնք համաձայնած են, որ այս փուլին ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը դրական դեր կը խաղայ կայունութեան ամրապնդման, տարածաշրջանին մէջ վստահութեան ամրապնդման եւ Ղարաբաղի բնակիչներու վերադարձը հեշտացնելու համար, եթէ անոցմէ ոմանք ուզեն վերադառնալ։